2017-07-01 09:05:00

Խրուաթիոյ մէջ մեծ շուքով կը նշուի Տիրամօր Սրբապատկերին 650 ամեակը


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 1 յուլիս 2017-ին, Խրուաթիոյ Ռիժեքա քաղաքին մէջ  մեծ շուքով կը նշուի, Սուրբ Կոյս Մարիամի Սրբապատկերին, Թրսաթ սրբավայր հասնելուն   650-րդ ամեակը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Զակապրիա թեմի Արքեպիսկոպոս՝ Կարիդնալ Ժոզիփ Պոզանիչը անուանած է որպէս իրեն յատուկ նուիրակ, գլխաւորելու համար վերոնշեալ յոբելեանի տօնակատարութիւնները։  

Նշենք, թէ վերոնշեալ Տիրամօր սրբապատկերը, նուէրն է Ուրպանոս Ե Պապին  նուիրուած՝ 1367-ին,  Ւտալիոյ  Լորեթօ Տիրամօր Սրբավայր  ուխտագնացութիւն կատարած Խրուաթցի ուխտաւորներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.