2017-06-30 11:58:00

Վանականութիւն (ԼԹ)


Հայաստանի տարածքին դարերու ընթացքին հիմնուած են հազարաւոր վանքեր։ Վանականութիւնը անբաժան մաս կը կազմէ հայ ժողովուրդի պատմութեան։ Սակայն որոշ անձերու համար, որոնց կարգին նաեւ հոգեւորականներ, յուսահատական են վանականութեան ապագայի հեռանկարները։ Եղած են խիստ եւ անհանդուրժող հաստատումներ վանականութեան էութեան նկատմամբ։ Որոշ բանասէրներ կամ պատմաբաններ կատարած են անարդար հաստատումներ՝ ըստ որոնց վանքերը աւատական կառոյցներ էին եւ կրօնաւորները՝ գիւղացի ժողովուրդը շահագործող դասակարգ։ Եղած են մեղադրանքներ, եղած են զրպարտութիւններ, թերագնահատուած է վանականութեան մատուցած դերը մարդկութեան եւ մեր պարագային՝ Հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին։ Արդար ըլլալու համար սակայն պէտք չէ ուրանալ հայ վանքերու կատարած դերը, նախ՝ իբր հոգեւոր կենդրոններ, ինչպէս նաեւ մշակոյթի զարգացման սատարող փարոսներ։ Պէտք չէ վանական կեանքի նուիրումը հասկնալ եւ բացատրել այնպիսի գաղափարախօսութիւններու տեսանկիւնէ, որոնք անյարիր են վանական իտէալներուն։

Եղիշէ Վարդապետ նկարագրելով վանականներու կեանքը կը նկատէ, թէ կրօնաւորները կամաւոր կերպով իրենց անձը կը նուիրեն աստուածպաշտութեան, նոյնիսկ իրենց մանուկ հասակէն կը խոկան եւ կը կրթուին վշտամբերութեան մէջ. կը հեռանան հօրենական տունէն, կʼուղղուին դէպի անապատ եւ անշէն վայրեր. ոչ թէ չար նախանձով փախուստ կու տան քաղաքներէն, այլ որովհետեւ կը տեսնեն աշխարհ լեցուն ամէն տեսակի չարութիւններով, խոյս կու տան՝ ապաստանելով խորշերու մէջ եւ վայրի անապատներու ստորոտները։

Վանականութիւնը՝ ըմբռնուած իբր կատարելութեան հասնելու որոշ վիճակ մը՝ ունեցած է համապատասխան կառոյց, համապատասխան պատմափիլիսոփայական հասկացողութիւն, համապատասխան արտայայտչականութիւն եւ գործունէութեան ձեւեր։ Վանականութիւնը կատարելութեան հասնելու որոշ վիճակ մըն է եւ ոչ թէ միակը, ինչպէս ոմանք հասկցած են՝ վանականներուն վերագրելով այդ հաւակնոտութիւնը, թէ իրենց կեանքը Քրիստոսի հետեւելու միակ ճանապարհն է։ Վանականութիւնը նոր կեանք մըն է Քրիստոսի մէջ՝ «որովհետեւ, ինչպէս կը գրէ Ս. Ներսէս Շնորհալի, վանականը մեռած է աշխարհի եւ աշխարհական բաներու համար, եւ կʼապրի Քրիստոսի եւ անոր պատուիրաններուն մէջ, ինչպէս կը խրատէ Պօղոս առաքեալ։»

Գրիոր Նարեկացի կատարելութեան ձտումի տինամիզմը եւ այդ տինամիզմի առանցքը՝ Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը, կը ներկայացնէ ուժեղ բառերով՝ «Թոյլ մի´ տար, որ ըլլամ անպտուղ իմ փոքր վաստակովս՝ իբրեւ անբերրի երկրի ապաջան սերմանող մը։ Չըլլա´յ թէ երկնեմ՝ եւ չծնանիմ, ողբամ՝ եւ չարտասուեմ, խորհիմ՝ եւ չհառաչեմ, ամպոտիմ՝ եւ չանձրեւեմ, ընթանամ՝ եւ չհասնիմ»։

Գրիգոր Նարեկացիի խօսքէն կը հետեւցնենք, թէ կատարելութիւնը լճացած վիճակ մը չէ, այլ ձգտում մը։ Կատարելութեան այդ ձգտումի մեր բոլոր ճիգերը արդիւնք կու տան եւ հասնին նպատակին՝ լոկ Աստուծոյ օգնութեամբ, Աստուծոյ շնորհքով։ Ս. Ներսէս Շնորհալի կը գրէ «մենք կʼաղաչենք Տիրոջ, որպէսզի առաջնորդներուդ եւ առաջնորդուողներուդ յաջողցնէ երկնային ճանապարհի հետեւիլը։» Արդ, Աստուած է, որ պիտի յաջողցնէ քրիստոնեային կամ վանականին կատարելութեան ընթացքը, եւ ոչ թէ մարդ արարածի ճիգերը։

Վանքերը վայրեր են ուր նուիրեալ անձեր յատուկ կարգաւրութեամբ եւ յստակ ուղղութիւններով կʼուզեն ապրիլ Աւետարանի խրատներուն համաձայն։ Վանքերը աշխարհէն հեռու եւ աշխարհատեաց վայրեր չեն, ինչպէս քննադատած են ոմանք, վանականութեան մէջ տեսնելով մանիքէութեան վտանգը։ Մանիքէութիւնը մարդու մարմինը եւ նիւթը կը նկատէ իբր պիղծ։ Այն անձերը որոնք վանականութիւնը մեղադրած են՝ անոնց վերագրելով աշխարհատեաց կեցուած, սխալ պիտի հասկնային նաեւ Եզնիկ վարդապետին խօսքը՝ «Մարմնասէր կրօնաւորը խոզի նման է, կը խեղդուի ծովածաւալ մեղքերու մէջ։» Անկարելի է սակայն Եզնիկ Վարդապետին, որ իր հրաշալի երկով բուռն կերպով կը պայքարի մանիքէական գաղափարներու դէմ, վերագրել աշխարհատեացութիւն կամ մանիքէութիւն։

Եզնիկ Վարդապետ կը յորդորէ նաեւ, թէ կրօնաւորը պարտական է պայքարիլ մարմնական ցանկութիւններու դէմ, նոյնիսկ արեան հեղմամբ՝ ինքզինք վերածելով պատարագի՝ մատուցուած Աստուծոյ։

Վանքերը վայրեր են, ուր կրօնաւորներ իրենց նուիրուածութեամբ ծառայած են Աւետարանի բարձրագոյն իտէալներուն։ Եթէ եղած են կրօնաւորներ որոնք շեղած են այդ իտէալէն, չէ կարելի վանականութեան վաստակը եւ ունեցած դրական մեծ դերը ուրանալ։

Վանականութիւնը բարձրագոյն իտէալներու նուիրումն է։ Իսկ աշխարհէն հրաժարումը միջոց է։ Ղազար Փարպեցի կը գրէ Աղանի մասին՝ թէ ան «լքելով կʼարհամարհէր անցաւոր կեանքի բոլոր վայելքները, եւ կը կʼընթանար՝ ընտրելով յաւիտենական բարիքներու երկնաթռիչ ճանապարհը։ Եւ իւրաքանչիւր ոք, որ աշխարհէն կը հեռանայ ինչպէս Ղովտ հեռացաւ Սոդոմէն՝ կը բարձրանայ կրօնաւորական կեանք ընդգրկելով։»

Հետեւաբար, վանականը, որ իր կեանքը կը նուիրէ, ընտրութիւն մըն է որ կը կատարէ. ան կʼընտրէ «երկնային ճանապարհը», «վերելքը» դէպի կատարելութիւն եւ միացում Աստուծոյ հետ։ Շեշտը այստեղ լաւի «ընտրութեան» վրայ է եւ ոչ թէ նիւթական բարիքներէ «հրաժարումի» վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.