2017-06-30 08:11:00

Իրաքեան Ուժերը ազատագրած են Մուսուլի պատմական Մզկիթը։


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով իրաքեան զինեալ ուժերու յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ իրաքեան ուժերը երէկ ազատագրած են Մուսուլի աւերուած պատմական մզկիթը, ուրկէ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավար Ապուպաքր Պաղտատի երեք տարի առաջ հռչակած էր «խալիֆայութիւն»:

850-ամեայ Նուրի մզկիթին ազատագրումը խորհրդանշական յաղթանակ է իրաքեան ուժերուն համար, որոնք աւելի քան ութ ամիսէ ի վեր կը փորձեն ազատագրել Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի մայրաքաղաք Մուսուլը:

Մէկ շաբաթ առաջ հաղորդուած էր, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները պայթեցուցած են միջնադարեան մզկիթն ու անոր մինարեթը, երբ իրաքեան ուժերը ամերիկեան աջակցութեամբ յարձակումի սկսած են անոր ուղղութեամբ:

Իրաքեան զինեալ ուժերու բանբեր Եահիա Ռասուլ երկրի պետական պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարեց. «Անոնց կեղծ պետութիւնը ինկաւ»: Իրաքի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի գոյութիւնը յաւիտեանս դադրեցաւ»` աւելցնելով, որ զինեալները անձնատուր ըլլալու այլընտրանքը չունին:

Իրաքի իշխանութիւնները յայտնած են, որ քաղաքի համար պայքարը պիտի աւարտի յառաջիկայ օրերուն. ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները կը շարունակեն դիմադրել Մուսուլի հին քաղաքի քանի մը թաղամասերուն մէջ: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ քաղաքին վրայ իրաքեան ուժերուն վերահսկողութիւնը դարձած է ամբողջական:








All the contents on this site are copyrighted ©.