2017-06-29 10:15:00

Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու տօնախմբութիւնը Վատիկանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) 29 Յունիսին Լատին Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնը։ Աւանդութեան համաձայն սոյն տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ, մասնակցութեամբ կարդինալական ու եպիսկոպոսներու դասին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն առթիւ` տարւոյն ընթացքին անուանուած 26 նոր Արքեպիսկոպոս- Մետրոպոլիտներուն շնորհեց Պալիումը` (Եմիփորոնը) որ կը խորհրդանշէ եկեղեցական հաղորդութիւնն ու միութիւնը։  

Նշենք թէ սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը։ 

Պալիումի տուչութեան հինաւուրց աւանդութիւնը իր վերջնական ձեւը գտած է 70-ական թուականներուն, երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. քահանայապետին օրով երբ որոշուեցաւ զայն յանձնել սուրբ Պետրոս ու Պօղոս Առաքելապետերու տօնին օրը, նշելու՝ յատկապէս կապը ու սերտ միութիւնը եպիսկոպոսներու ու Սուրբ Աթոռին միջեւ։

Սրբազան Քահանայապետին տօնին առթիւ արտասանած  քարոզէն ետք տեղի ունեցաւ Պալիումի յանձնումը։ Անոնք մօտեցան սուրբ Խորանին ու Խաչեցեալին առջեւ ծնրադիր, միասնաբար երդման բանաձեւը արտասանեցին որմէ ետք Սրբազան Հայրը օրհնեց պալիումները ու ապա արտասանեց պալիումի յանձնումի բանաձեւը, որուն աւարտին զայն յանձնեց Մետրոպոլիտ-Արքեպիսկոպոսներուն։ 

Մինչ Սուրբ Զոհին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուան աւետարանը շեշտը դրաւ  երեք բառերու վրայ ''խոստովանութիւն, հալածանք ու աղօթք''։

Խոստովանութիւնը, ըսաւ Սրբազան Պապը, Սուրբ Պետրոսի խոստովանութիւնն է երբ Ան Յիսուսին յղած հարցումին թէ ի՞նչ կ՛ըսեն մարդիկ իրեն մասին եւ թէ ի՞նչ կը մտածեն նաեւ աշակերտները այդ հարցին շուրջ, Պետրոս կը պատասխանէ ''Դուն Քրիստոսն ես` կենդանի Աստուծոյ որդին''։ Ահա այս է խոստովանութիւնը` ըսաւ Քահանայապետը. ճանչնալ Յիսուսը որպէս սպասուած Մեսիա, Կենդակի Աստուած ու Տէրը կեանքին''։

Յիսուսին այս կենդանարար հարցումը ուղղուած է նաեւ մեզի այսօր, ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը, Ան մեզի հարց կու տայ ''Ո՞վ եմ ես քեզի համար''։ Մենք եւս Սուրբ Պետրոսի նման նորոգենք մեր կեանքի ընտրանքը որպէս աշակերտներ եւ առաքեալներ։

Այն որ Յիսուսը կը խոստովանի, գիտէ թէ կոչուած է ոչ թէ միայն գաղափարներ տալու այլ նուիրելու նաեւ կեանքը։ Ան գիտակից ըլլալու է թէ կարող չէ ''գաղջ'' ըլլալ, այլ պէտք է ''բռնկուի'' սիրոյ համար։

Յիսուսը խոստովանողը, Պետրոս ու Պօղոս առաքեալներու նման, Անոր կը հետեւի մինչեւ վերջ, անոր ճանապարհն վրայ քալելով, նոր կեանքի ճանապարհը, ուրախութեան, Յարութեան ճանապարհը որ կ՛անցնի խաչէն ու հալածանքէն։

Ահա երկրորդ բառը, ըսաւ Սրբազան Պապը, ոչ միայն Պետրոսն ու Պօղոսը  իրենց արիւնը դափեցին Քրիստոսին համար, այլ համայն քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւնը հալածուեցաւ։ Այսօր եւս աշխարհի մէջ, յաճախ լռելեան ձեւով, ու շատ անգամ մեղսակից լռութեամբ, բազմաթիւ քրիստոնեաները, հալածուած են, զրպարտութեան ու բռնութիւններու ենթարկուած, անտեսուած են նոյնիսկ անոնցմէ որոնք կարողութիւնն ունին յարգել տալ անոնց սրբազան իրաւունքները։

Չարին դիմադրել չի նշանակեր միայն համբերատար ըլլալ, աւելցուց ապա Սրբազան Քահանայապետը։  Հանդուրժել, դիմանալ, կը նշանակէ Յիսուսին նմանիլ, մեր վրայ առնել բեռը եւ ընդունիլ խաչը, յառաջ ընդանալով այն վստահութեամբ թէ միայնակ չենք։  Խաչուած ու Յարութիւն առած Տէրը մեր հետն է, ու Սուրբ  Պօղոսին հետ կարող ենք ըսել ''ճնշուած ենք ամէն կողմէ բայց ոչ ընկճուած։ Գիտենք միշտ յուսալ եւ երբեք չի յուսահատիլ. Հալածուած ենք բայց ոչ լքուած'' (Բ Կորընթ. 4,8-9)։

Դիմանալ կը նշանակէ յաղթել Յիսուսին հետ եւ Յիսուսին ոճով, ըսաւ ապա Քահանայապետը, մէջբերելով Սուրբ Պօղոսին խօսքերը ուղղուած Տիմոթէոսին ''Մինչեւ վերջ պայքարեցայ բարի պայքարս. Աւարտեցի վազքս, պահեցի հաւատքս...Տէրը արդար դատաւորը` փոխարէն­, ինծի պիտի տայ այն Օրը''։ 

Երրորդ բառը աղօթքն է, ըսաւ ապա Քահանայապետը, հաստատելով թէ առաքեալին կեանքը որ կը բխի խոստովանութենէն եւ կը ձուլուի նուիրումին մէջ, ամէն օր յառաջ կ՛ընթանայ աղօթքի մէջ, որ է անհրաժեշտ ջուրը որ կը սնուցանէ յոյսը եւ կ՛աճեցնէ վստահութիւնը։ Աղօթքը թոյլ կու տայ որ մեքն զմեզ սիրուած զգանք եւ թոյլ կու տայ որ մենք եւս սիրենք։ Ան մեզ յառաջ կը տանի նոյնիսկ խաւար պահերուն. որովհետեւ մեզ կը լուսաւորէ Աստուծոյ լոյսով։ Աղօթքը թիկունք կը կանգնի բոլորին ու մեզի թոյլ կու տայ յաղթահարելու անձկութիւնները։ Աղօթքը միացնող ու ամրացնող ուժն է եկեղեցւոյ, հաստատեց ապա Սրբազան Քահանայապետը հայցելով Սուրբ Առաքեալներուն բարեխօսութիւնը` որպէսզի մեզի համար ընդունին բաց սիրտ մը, յոգնած ու անդորր աղօթքի մէջ։ Յոգնած որովհետեւ կը խնդրէ, կը բախէ ու կը բարեխօսէ ու միեւնոյն ատեն անդորր` որովհետեւ Հոգին Սուրբ Մխիթարութիւն եւ ուժ կը պարգեւէ։

Տէրը արդարեւ կը միջամտէ երբ մեն աղօթենք ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզի աւարտին եւ աւելցուց. Ան որ ընկերացաւ առաքեալներու քայլերուն, թող ընկերանայ նաեւ ձեր ճանապարհին` սիրելի Կարդինալ Եղբայրներ, Ան մօտիկ է նաեւ ձեզի սիրելի Արքեպիսկոպոս եղբայրներ որ պիտի Պալիումը ընդունելով պիտի ապրիք ձեր հօտին համար, նման Բարի Հովիւին։ Տէրը որուն սրտաբուխ իղձն է միացած տեսնել համայն հօտը`  օրհնէ ու պահպանէ նաեւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը  եւ իմ Սիրելի Եղբայրս Բարթողոմէոսը, որ զանոնք ուղարկեց ի նշան առաքելական հաղորդութեան, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.