2017-06-29 09:00:00

Ս. Պետրոս և Պօղոս առաքեալներու յիշատակութեան օր


Յունիս 29-ին, Լատին Եկեղեցին կը տօնախմբէ Պետրոս եւ Պօղոս Առաքելապետերու տօնը, կարգ մը տեղեկութիւններ առաքեալներու կեանքին եւ գործունէութեան մասին։

Պետրոսի կոչումը պատմուած է աւետարաններուն մէջ (Յովհաննէս Ա, 25 - 42)­ -  (Մարկոս Ա, 16- 20) - (Մատթէոս 4,18-22)  - (Ղուկաս 5, 1-11)

Պետրոս Առաքեալ - Պետրոս առաքեալը Քրիստոսի աշակերտներուն մէջ եղաւ ամէնէն խիզախ եւ համարձակ աշակերտը, որ քաջութեամբ առաջին անգամ ըլլալով դաւանեցաւ Քրիստոսը, որպէս ''Կենդանի Աստուծոյ Որդին'' եւ անոր համար ալ կոչուեցաւ ''Կեփաս'' որ կը նշանակէ ժայռ, եւ խորհրդանիշն է քրիստոնեայի ամուր հաւատքին, որու վրայ Քրիստոս իր եկեղեցին կառուցեց:  (Մատթ ԺԶ 15-19)

Սուրբ Պետրոսը Տիրոջ 12 առաքեալներէն մին էր, Անդրէաս առաքեալի եղբայրը։ Ան Յիսուսի ամենասիրուած աշակերտներէն մին էր որ ականատես եղաւ Յիսուսի Պայծառակերպութեան։ Պետրոս ձկնորս մըն էր։ Յիսուս անոր ըսաւ` ''Դու Սիմոնն են, Յովնանի որդին, դուն պիտի կոչուիս Կեփաս, որ կը թարգմանուի Պետրոս'' ինչպէս կը նշուի Յովհանէսի աւետարանին մէջ գլ. Ա, 42։

Սուրբ Պետրոսը Բեթսայիդայի գիւղէն էր։ Յիսուս կափառնաումի մէջ բժշկեց անոր զոքանչը։

Յիսուսի ձերբակալման գիշերը Ան երեք անգամ ուրացաւ Տէրը, սակայն ետքը զղջաց եւ Յիսուս ներեց անոր։

Պետրոս մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Գործք Առաքելոց գրքին սկիզբը, որպէս գլխաւորը Եկեղեցւոյ: Ան ունի ընդհանրական երկու նամակներ, որոնց մէջ կը քաջալերէ քրիստոնեաները որ Քրիստոսի նման տոկան հալածանքներուն եւ կառչած մնան Աստուծոյ հանդէպ իրենց ունեցած ճշմարիտ հաւատքին:

Աւանդութեան համաձայն Պետրոս կը նահատակուի Հռոմի մէջ, գլխիվայր խաչուելով եւ անոր գերեզմանին վրայ կը կառուցուի իր անունով հոյակերտ եկեղեցի մը:

 

Սուրբ Պօղոսի դարձը պատմուած է գործք առաքելոցի 9-րդ գլխուն մէջ։

Պօղոս Առաքեալը`  Քրիստոսի Յարութենէն ու Համբարձումէն ետք ընտրուած` 13 առաքեալն է։  Ան, եղաւ քրիստոնէութիւնը տարածող եւ քարոզող մեծագոյն առաքեալը: 

Պօղոս ծնած է Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքին մէջ եւ ունէր Հռովմէական քաղաքացիութիւն։

Վկայութիւններու համաձայն Պօղոս եղած է փարիսեցի եւ խստօրէն պահպանած է օրէնքը ու հալածած է քրիստոնեաները։

Դամասկոսի ճամբուն վրայ սակայն Տէրը կ՛երեւնայ անոր ու Պօղոս դարձի կու գայ եւ կը մկրտուի Անանիա առաքեալի ձեռքով։

Պօղոս առաքեալի նամակները Նոր Կտակարանին մէջ, թիւով ‎14 հատ են:  Պօղոս առաքեալի կատարած երեք ճամբորդութիւններուն մասին կը պատմէ Գործք Առաքելոց գիրքը, ուր հեղինակը ներկայացնելով Պօղոսի վերջին ճամբորդութիւնը դէպի Հռոմ, կը փակէ գիրքը:

Աւանդութեան համաձայն, Պօղոս կը հասնի մինչեւ Սպանիա եւ ապա վերադառնալով Հռոմ` 67 թուականին, Ներոնի հալածանքներու ընթացքին կը գլխատուի ու կը նահատակուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.