2017-06-28 11:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ւտալական աշխատաւորներու սենտեքայի պատուիրակութիւն մը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 28 յունիս 2017-ին, առաւօտեան, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Ւտալական աշխատաւորներուն համադաշնակցութեան սենտեքայի պատուիրակութեան մաս կազմող անդամներուն, որոնք Հռոմի մէջ մասնակցած էին համաժողովի մը, որուն խորագիրն է ՝՝անձին ի սպաս. աշխատանքին ի սպաս ՝՝։

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով աշխատաւորներու սենտեքայի համաժողովի խորագիրին, հաստատեց ՝՝անձ եւ աշխատանք, երկու բառեր են, որոնք կրնան եւ պարտաւոր են միասնաբար ընթանալ, որովհետեւ եթէ մտաբերենք եւ ըսենք աշխատանք առանց անհատին, աշխատանքը  վերջ կը գտնէ եւ կը  վերածուի անմարդկային բանի մը'',  որ մոռնալով անձերը, մոռցած եւ կորսնցուած կ՝ըլլայ ինքզինքը՝՝  ըսաւ Սրբազան Հայրը ՝շեշտելով թէ  ՝՝աշխատանքը համագործակցութեան ամենէն հասարակաց ձեւն է, որ մարդկութիւնը  ծնած է իր պատմութեան մէջ։ Ամէն օր միլիոնաւոր անձեր իրար հետ կը համագործակցին՝ պարզապէս աշխատելով։ Աշխատանքը քաղաքացիական սիրոյ ձեւն է, ան ճշմարիտ  եւ հարազատ սէր է , որ մեզի ապրիլ կու տայ եւ աշխարհը յառաջ կը տանի՝՝ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ դատապարտեց այն ընկերութիւնները, որոնք կը ստիպեն երէցներուն աւելի երկար ժամանակ աշխատիլ, գործէ զրկելով երիտասարդ սերունդը ու  այս առընչութեամբ անհրաժեշտ եւ շտապ երեւոյթ նկատեց ընկերային նոր համաձայնութեան մը գոյացումը։

Երբ երիտասարդները դուրս կը դրուին աշխատանքի աշխարհէն, գործարարական ընկերութիւններուն կը պակսի ուժանիւթ, խանդավառութիւն ու ներում ինչպէս նաեւ ապրելու երջանկութիւն, որոնք հասարակաց արժէքաւոր բարիքներ են, որոնք աւելի լաւ կը դարձնեն տնտեսական կեանքը ու հանրային ուրախութիւնը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը քննադատելով նաեւ ''ոսկիէ թոշակները'' զանոնք նկատելով աշխատանքի դէմ անարգանք։

 Նորին Սրբութիւնը հուսկ՝ աշխատաւորներու սենտեքայի պատուիրակութեան անդամները զգուշացուց ''Սենտեքան հարուածող հիւանդութիւններէ'' ուր այդ ընկերակցութիւնը կարող է կորսնցնել իր իսկ ինքնութիւնը եւ կը դառնայ լոկ իշխանութեան նման մինչ,  դիտել տուաւ Սրբազան Պապը  սենտեքայութիւնը կը ծնի եւ կը վերածնի ամէն անգամ, որ նման Սուրբ Գիրքի մարգարէներուն, ձայն կու տայ անոնց որոնք զուրկ են  ձայնէ,   կը դիմակազերծեն  հզօրները,  որոնք կ՝ ոտնակոխեն դիւրաբեկ աշխատաւորներու իրաւունքները,   կը պաշտպանեն օտարականին, վերջիններուն եւ անտեսուածներուն դատը'' ապա հաստատեց թէ այն պարագային երբ սենտեքա մը այս մարգարէական յատկութիւնը կը կորսնցնէ կը դադրի արդիւնաբեր դառնալէ,  ան ապա վերահաստատեց թէ տնտեսութիւնը պէտք է միշտ ու միայն ծառայէ մարդուն՝ վերադառնալով իր իսկական կոչումին ու իր ընկերային բնութեան, որ է ծառայել մարդուն։

 Ւ վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ներկաները միշտ աւելին ընելու,  հաստատելով թէ Սէնտեքայ բառը Յունական գեղեցիկ բառ է,  որ կը նշանակէ ''արդարութիւն'' ու ''միասին'' ու հաստատեց թէ չկայ միասնական արդարութիւն եթէ ոչ անոնց հետ որոնք այսօր բացառուած են, հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն հրաւիրելով զանոնք ապաշխարութեան, ապա խնդրեց որ աղօթեն նաեւ իրեն համար որով ինք եւս կարիքը ունի ապաշխարութեան աւելի կատարեալ կերպով իրագործելու համար իրեն յանձնուած առաքելութիւնը  հուսկ բոլորին  տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.