2017-06-28 09:36:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Կոյրը Կը Տեսնէ Այն, Ինչը Դուն Չե՛ս Տեսներ

 Կոյրը ինչպէ՞ս պիտի տեսնէ ոեւէ անձ կամ դէպք, երբ ինք տեսողութենէ զուրկ է:

Կոյրերը բնականաբար ունին յաւելեալ զգայարանք, իրենց շուրջը գտնուող մարդիկը յստակ «տեսնելու» համար: Ֆիզիքական տեսողութիւն չէ՛ այս, սակայն այնպիսի զգացողութիւն, որ բաց աչքերով մարդիկ չկարենան տեսնել այն, ինչը կոյրը «կը տեսնէ» իրեն յատուկ «զգայարանքով», կամ՝ ֆիզիքապէս գոց աչքերով:

Անձեր եւ երեւոյթներ կան կեանքի մէջ, որոնք յատուկ ծանուցումներու պէտք չունին ճանչցուելու համար: Այս գաղափարը երկիմաստ է, որովհետեւ իրենց բարի գործերով յայտնի մարդիկ բնաւ պէտք չունին ծանօթացուելու. ամէն մարդ կը ճանչնայ զիրենք, իրենց օգտակար գործունէութեամբ եւ շրջապատին հանդէպ ունեցած հոգածու վերաբերումէն: Դարձեալ, կեանքի երեւոյթներէն շատեր, որոնք բարի արդիւնքի կը հասցնեն մարդկութիւնը, կարիք չունին յաւելեալ ծանուցումներու: Ո՞վ չի գնահատեր որբախնամ հաստատութիւններու տարած աշխատանքը, կամ ո՞վ չի գիտեր, թէ ծերանոցներու մէջ անտէր ծերունիներ պատսպարելը աստուածահաճոյ բացառիկ առաքելութիւն մըն է: Յստակ է, որ սոյն երեւոյթներուն մասին գրութիւնները դրական քարոզչութեան նպատակ կը հետապնդեն, ուրիշներ եւս խրախուսելու համար բարեգործութեան մէջ: Սակայն, այս երեւոյթները իրենք գնահատանքի կարիք չունին, ո՛չ ալ յաւելեալ մեկնաբանութիւններու՝ հաստատելու համար անոնց բարի գործ ըլլալը: Գործադրուած աշխատանքը ինքնին վկայ կը դառնայ վերոյիշեալ երեւոյթին մասին, թէ բարի գործ է այդ:

Մարդոց երբեմն այնպէս կը թուի, թէ կրնան կոյրին «կլլեցնել» իրենց ժխտական ինքնութիւնը, կամ՝ բացասական երեւոյթները այնպէս ներկայացնել, թէ դրական են անոնք:

Բացասական երեւոյթներուն «մեղմագոյնը» կը համարուի անտեղի եւ պատահական ստախօսութիւնը, որ բնականաբար սպանութենէ աւելի «անմեղ» կը նկատուի:

Բաց աչքերով եւ սուր տեսողութեամբ մարդոց ուշադրութենէն կը վրիպի յաճախ ստախօսին խօսած սուտը, սակայն կոյրը շուտով կը ճանչնայ ստախօս մարդը, ու չի՛ հաւատար անոր ըսածին:

Կոյրերու այս բացառիկ կարողութիւնը գերազանց ուշադրութենէ յառաջ կու գայ, որովհետեւ անոնց հոգեկան զգայարանքը մարդ ճանչնալու մասնաւոր շնորհքով օժտած է զիրենք: Կոյրը ճամբու իր ընկերակիցը ընտրելու պարագային երբեք չի՛ սխալիր: Ան պէտք է վստահի անոր՝ որմէ կախեալ պիտի ըլլայ ճամբու ամբողջ ընթացքին:

Ստախօսութիւնը կեանքի այն երեւոյթն է, որ կոյրին համար արեւու լոյսով լուսաւորուած գունաւոր ու ջինջ պատկեր կը պարզէ: Երեւոյթները իրենց բիւրեղեայ մաքրութեամբ տեսնելու, կամ մարդոց հոգիին խորքը թափանցելու համար անպայման ֆիզիքական աչքերու պէտք չունիս: Նոյնիսկ կոյրը կրնայ տեսնել ստախօսին ինքնութիւնը, անոր հոգին սեւցուցած մուրը, միտքին մէջ լղճորուող չարածին գաղափարները եւ ի վերջոյ կրնայ իր զգացումները բարձրաձայնելով այդ բոլորի մասին, վնասազերծել շրջապատը ստախօսին վտանգաւոր ներկայութենէն…։

Ուրեմն, կոյրը «տեսողութիւն» ունի: Նոյնիսկ ֆիզիքապէս տեսողութիւն ունեցողներէս աւելի՛ յստակ կը տեսնէ կոյրը: Եթէ անոր հետ ճամբայ երթալու պարագային չենք կրնար վստահիլ իրեն, գէթ սակայն կրնանք ապաւինիլ ստախօսները ճանչնալու անոր բացառիկ կարողութեան:

Ստախօսին ձայնաստիճանը, հարցերը համոզիչ դարձնելու բռնազբօս փորձերը, իրերայաջորդ սուտերով իր սուտին ժամանակաւորապէս ճշմարտութեան վերարկու հագցնելու հնարամտութիւնը, կոյրին համար առաջին իսկ վայրկեանէն թատերական ծանօթ արարներ են:

Կոյրը կը տեսնէ այն, ինչը դուն չե՛ս տեսներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.