2017-06-28 09:29:00

Թուրքիա Հայաստանի սահմանին պատ կը կառուցէ


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրեմնիհապեր».- Թրքական իշխանութիւնները Սուրիոյ հետ սահմանին պատ կառուցելէ ետք, նման ծրագիր մը պիտի իրականացնեն նաեւ Հայաստանի եւ Իրանի հետ սահմանին վրայ, կը հաղորդէ թրքական «ANFNews» լրատուական գործակալութիւնը:

Հայ-թրքական եւ թուրք-իրանեան սահմանին, Թուրքիա կը նախատեսէ կառուցուելիք պատին հետ միասին հաստատել նաեւ «ամբողջական սահմանային ապահովական համակարգ», որ վերահսկողութիւն պիտի սահմանէ նշեալ սահմաններուն վրայ:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ 2017 Յունուարին, Թուրքիոյ քաղաքական քուլիսներու ետին յայտնի դարձած էր, որ  Թուրքիոյ պաշտպանութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ հայ-թրքական սահմանը պիտի պարսպապատուի Արտահան, Կարս եւ Իգտիր քաղաքներու կողմէ: Որոշ ժամանակ ետք, Եւրոմիութեան եւ Թուրքիոյ համագործակցութեամբ ականազերծման աշխատանքներ սկսան Թուրքիոյ այն տարածքներուն մէջ, որոնք սահմանակից են Հայաստանին, Ատրպէյճանին եւ Իրանին:

Այս մասին, Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան Պոլիսէն պատգամաւոր Մահմուտ Թանալ հարցում ուղղած էր պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքին:

Վերջինս  հաստատած էր, որ Թուրքիա կը պատրաստուի Հայաստանի եւ Իրանի  հետ սահմանին պատ կառուցելու:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.