2017-06-28 09:25:00

Երեւանի մէջ մեկնարկած է «գիրքի դրամատուն» ծրագիրը


Երեւանի քաղաքապետին կից երիտասարդութեան հարցերու խորհուրդի նախաձեռնութեամբ արդէն չորրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի «Գիրքի բանկ» (դրամատուն-ԵՌԳ․) ծրագիրը:

Գաղափարը այն է, որ բոլոր ցանկացողները յատուկ տեղադրուած տաղաւարի մէջ կրնան գիրքեր ձգել: Նուիրատուութեան տաղաւարը այս տարի կրկին տեղադրուած է Խնկօ Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի հարեւանութեամբ:

Հաւաքուած գրականութիւնը որպէս նուէր պիտի փոխանցուի Հայաստանի սահմանամերձ բնակավայրերու, ինչպէս նաեւ տարբեր զօրամասերու գրադարաններուն:

Ծրագիրը ունի ինչպէս բարեգործական, այնպէս ալ կրթադաստիարակչական նշանակութիւն եւ միտուած է յատկապէս երիտասարդութեան մէջ գիրքին ու ընթերցանութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն եւ սէր սերմանելուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.