2017-06-29 09:23:00

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչի հովուական այցը Պուլկարիա։


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կը նշէ թէ Ժողովի Կառավարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, 29 Յունիսէն 2 Յուլիս 2017-ին, հովուական այցելութեամբ կը մեկնի Պուլկարիա, համապատասխանելով տեղական կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրեն ուղղուած հրաւէրին։

Իր կեցութեան ընթացքին Կարդինալ Սանտրին հանդիպում պիտի ունենայ Երկրին Փոխ Վարչապետ ու Պաշտպանութեան նախարար` Տիար Քրազիմիր Քարաքաչանովի, ինչպէս նաեւ Պուլկարիոյ Աւագ Միւֆթի` Տիար Մուսթաֆա Հազտիի ու Պուլկարիոյ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք գերերջանիկ Նէոֆիթի հետ.  Ան ապա պիտի հանդիպի Պուլկարիոյ մէջ իրենց ծառայութիւնը մատուցող կաթողիկէ կղերական դասին  հետ հուսկ Պուլկարիոյ առաքելական նուիրապետութեան մէջ պիտի հանդիպի Դիւանագիտական մարմնի անդամներուն։

Շաբաթ 1 Յուլիսին Ծիրանաւորը պիտի փոխադրուի Նիքոփոլիի թեմ` ուր Փլեվենիի Ֆաթիմաի Տիրամօր նուիրուած Սրբավայրին մէջ պիտի գլխաւորէ ս պատարագի արարողութիւնը, Ֆաթիմայի Տիրամօր երերումներուն 100-րդ տարեդարձին առթիւ ապա յետմիջօրէին, յատուկ հանդիպում պիտի ունենայ Պուլկարիոյ եպսիկողոսներու համահաւաք դասի անդամներուն հետ։

Կիրակի` 2 Յուլիսին Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը Ռաքովսքիի մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը ապա հանդիպում պիտի ունենայ Պուլկարիոյ Մարոնիթ համայնքի հետ որով վերջ կը գտնէ հովուական այցելութեան յայտագիրը։  

 

Իր այս հովուական այցելութեան ընթացքին Կարդինալ Սանտրին համայն Պուլկարիոյ ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն պիտի տանի Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնն ու առաքելական օրհնութիւնը, համամիութենական ու միջ կրօնական երկխօսութեան ուղեւորութեան մէջ ընթանալու բարի մաղթանքներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.