2017-06-27 10:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 25 ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 27 Յունիս 2017-ին, Հռոմի մէջ գտնուող կարդինալներուն հետ միասին, Պօղոսեան Մատրան մէջ մատուցած համա պատարագով, Ֆրանչիսկոս Պապ ուզեց նշել իր Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 25 ամեակը։

Արդարեւ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիօ` որ ծնած է Պուէնոս Այրէսի մէջ 17 դեկտեմբեր 1936-ին, 11 Մարտ 1958-ին կ՛անդամակիցի Յիսուսեան միաբանութեան։ 13 Դեկտեմբեր 1969-ին ը Քահանայ կը ձեռնադրուի եւ  27 Յունիս 1992-ին Պուէնոս Այրէսի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կ՛ընդունի  եպիսկոպոսական օծումը ու 28 Փետրուար 1998-ին կը դառնայ Պուէնըս Այրէսի Արքեպիսկոպոս մինչ կարդինալական աստիճանին կ՛արժանանայ   2001-ին։

Աշխարհի ծայրամասէն եկած քահանայապետ Ֆրանչիսկոս, 13 մարտ 2013-ին, Սուրբ Պետրոսի պատշգամէն յայտնուեցաւ աշխարհին ու իր արտասանած առաջին խօսքերով ու շարժուձեւերով բացայայտեց նորութիւնը, ու նորութենէն անդին վերանորոգումը` որ ինք ուզեց ի գործ դնել եկեղեցական կառոյցներու բարեկարգումով ու մանաւանդ սրտերու բարեփոխումով։

Այսօր եւս իր Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան 25-րդ տարեդարձը ուզեց տօնախմբել ամենայն պարզութեամբ, գոհութիւն մատուցելով Ամենակալն իրեն պարգեւած շնորհքներուն համար։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաջին Յիսուսեան Քահանայապետն է, առաջինն է որ ընտրուած է Լատին Ամերիկայէն։ Առաջինն է որ կը կրէ Ֆրանչիսկոս անունը։Անոր փափաքն է ունենալ աղքատներուն համար աղքատ եկեղեցի մը։

Անոր ճառերուն ու վարդապետութեան առանցքը կը կազմեն` խաղաղութիւն, եղբայրութիւն, արդարութիւն, երկխօսութիւն, ճշմարտութիւն, ներողամտութիւն ու ողորմութիւն, բառերը։ Անոր ցանկութիւնն է ունենալ աւելի եղբայրական ու արդար ընկերութիւն մը, զանց բռնութիւններէ ու չարաշահումներէ։

Անոր իղձն ու կոչը եղած է ապագայ սերունդներուն ապահովել աւելի բարեացակամ ու աւելի լաւ աշխարհ մը։ Յոյսի ու սիրոյ աշխարհ մը։

Ան որպէս քահանայ, որպէս եպիսկոպոս եւ որպէս քահանայապետ կը ձգտի ըլլալ այլ ոմն Քրիստոս մը, որուն միակ նպատակն է ծառայութիւն մատուցել Եկեղեցւոյ եւ Աստուծոյ ժողովուրդին, որպէս Բարի Հովիւ, թէեւ չի դադարիր կրկնելէ թէ ինք անարժան է ու թէ աղօթքի կարիքը ունի, շարունակելու համար իր առաքելութիւնը ի սպաս եկեղեցւոյ։


''Աղօթեցէք ինծի համար'', ''Բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար'', ''Մի մոռնաք  աղօթելու ինծի համար'' խնրդրանքներ են զոր Նորին Սրբութիւնը միշտ կը կրկնէ ու կը շարունակէ կրկնել ամէն անոնց որոնց կը հանդիպի ու մի գուզէ այսօր եւս Անոր իղձը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ  ''աղօթք''։ Արդ եկէք այս Յոբելենական տօնակատարութեան առթիւ յուսախաբ չի լքենք զինք եւ որպէս յատուկ պարգեւ` պահ մը անփոփուինք ու մեր աղօթքը բարձրացնենք առ Աստուած շնորհակալութիւն յայտնելով Անոր որ Եկեղեցւոյ   պարգեւեց այսպիսի խոնարհ, հեզ ու քաջ Հովուապետ մը, ապա մեր սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապին համար հայցենք ամէն բարիք։








All the contents on this site are copyrighted ©.