2017-06-27 09:46:00

Գերագոյն ատեանը մասնակի յաղթանակ մը շնորհեց Թրամփին


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Սի.Էն.Էն.».- Մօտաւորապէս կէս տարուան պայքարէ ետք, Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը, որ այժմ կը գտնուի պահպանողականներու հակակշիռին տակ, Երկուշաբթի, Յունիս 26ին մասնակի յաղթանակ մը շնորհեց իսլամական շարք մը երկիրներէ քաղաքացիներու մուտքը արգիլելու խաչակրութեան ելած նախագահ Տանըլտ Թրամփին։

Ատեանը վճռեց, թէ կարելի է արգիլել մուտքը 6 երկիրներէ (Սուրիա, Իրան, Լիպիա, Սուտան, Եմէն եւ Սոմալիա) այն քաղաքցիներուն, որոնք ոչ մէկ ազգական ունին եւ ոչ մէկ պաշտօնական կապ՝ Միացեալ Նահաներու հաստատութեանց (համալսարաններ կամ ընկերութիւններ) հետ։

Հրամանագիրին միւս բաժիններուն գործադրութիւնը սառեցուած պիտի մնայ մինչեւ Գերագոյն ատեանը Հոկտեմբերին սկսի քննելու զայն։

Թրամփ, որ վերջին ամիսներուն շարունակաբար կը քննադատէր երկրին դատական համակարգը, «ազգային ապահովութեան համար հսկայ յաղթանակ» որակեց Գերագոյն ատեանին որոշումը, որ կրնայ դարձեալ քաոսային վիճակներ ստեղծել երկրի օդակայաններուն մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.