2017-06-26 12:29:00

''Քալենք դէպի Աստուծոյ անակնկալները'' Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ապագան ճանչնալու համար կարիքը չկայ աստղագուշակի, իսկական քրիստոնեան Ան է որ կը վստահի Աստուծոյ ու թոյլ կու տայ որ Ան առաջնորդէ իր ուղեւորութիւնը դէպի Տիրոջ անակնկալները''։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, որ  հանդիսացաւ նաեւ վերջինը, ամառնային դադարէն առաջ։

''Տեղքայլ կատարող քրիստոնեան իսկական քրիստոնեայ մը չէ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսելով միշտ վստահիլ Աստուծոյ ու հետեւիլ Անոր, նման մեր նախահօր`Աբրահամին որ լքեց ամէն ինչ ու հետեւեցաւ Տիրոջ խոստումին, ու նման Աւետարանական կոչումներուն ուր Տէրը ամէն անգամ կը հրամայէ ''ձգէ ամէն ինչ'', ''գնա'' կամ ''եկուր'' ու հետեւէ ինծի։

Աբրահամ, ըսաւ ապա Քահանայապետը, տուն մը չի կառուցեց, այլ վրան մը լարեց, բացայայտելու թէ ինք ուղեւորութեան մէջ է ու կը վստահի Աստուծոյ, ապա խորան մը շինեց պաշտելու համար զԱստուած հուսկ շարունակեց իր ընթացքը, ան միշտ ունեւորութեան մէջ էր։

''Մեր ալ ուղեւորութիւնը սկիզբ կ՛առնէ ամէն օր առաւօտուն, Աստուծոյ վստահելու ուղեւորութիւնը, ուղեւորութիւն մը որ բաց է Աստուծոյ անակնկալներուն, ըլլան անոնք գեղեցիկ կամ վատ, սակայն միշտ բաց, այն վստահութեամբ թէ Տէրը կ՛առաջնորդէ մեր քայլերը դէպի աւետեաց երկիր'', յարեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով նաեւ թէ` Քրիստոնեան ունի յատկութիւն մը. Քրիստոնեան այն այրն ու կինն է որ գիտէ օրհնել, ու գովաբանել, քրիստոնէական կեանքը ի վերջոյ պարզ կեանք է, վստահութեան կեանք է'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.