2017-06-26 12:00:00

28 Յունիսին Կարդինալական Ժողովը կը հաստատէ հինգ նոր կարդինալներու նշանակումը:


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ չորեքշաբթի 28 Յունիսի ժամը 16-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճառին մէջ տեղի պիտի ունենայ Կարդինալական Հրապարակային հաւաք, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հինգ նոր կարդինալներուն պիտի շնորհէ կարդինալական տիտղոսը։ Ապա` 29 Յունիսին, Պօղոս եւ Պետրոս առաքելապետերու տօնին առթիւ, Նոր նշանակուած կարդինալները պիտի մասնակցին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած արարողութեան, որուն առթիւ, աւանդութեան համաձայն, Սրբազան Պապը Պալիումը կը շնորհէ նորընտիր եպիսկոպոսներուն։

Նշենք թէ վերոնշեալ հինգ կարդինալներու նշանակումին լուրը հաղորդած էր նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, անցեալ 21 Մայիս 2017-ին, Մարեմեան աղօթքի աւարտին, յայտնելով թէ այդ անուանումները կատարած էր աւելիով արտայայտելու Եկեղեցւոյ Միսիոներական հոգին ու տիեզերականութիւնը։

Հինգ նոր կարդինալներն են։

Գերապայծառ Jean Zerbo, Մալիէն` Պամաքոյի-ի Արքեպիսկոպոս.

Գերապայծառ Juan José Omella, Սպանիայէն`Պարսելոնայի-ի Արքեպիսկոպոս.

Գերապայծառ Anders Arborelius, Շուէտէն`  Սթոքհոլմի Եպիսկոպոս

Գերապայծառ  Louis-Marie Ling Mangkhanekhoun, Լաոսի մէջ առաքելական փոխանորդ

Գերապայծառ  Gregorio Rosa Chávez, Էլ Սալվատորէն, Սան Սալվատորի թեմին օգնական եպիսկոպոս։

Յայտնենք նաեւ թէ այս անուանումներով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր Քահանայապետութեան շրջանի ընթացքին անուանած կ՛ըլլայ 56 նոր կարդինալներ, որոնցմէ 49-ն Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդալներ, մինչ Վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ-ը իր 8 տարուայ քահանայապետութեան ընթացքին նշանակած էր 90 կարդինալներ։

28 Յունիսէն ետք Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներուն թիւը կը հասնի 121-ի որոնցմէ 8-ն, 2018-ին, կ՛ամբողջացնեն իրենց 80 ամեակը եւ  կը կորսնցնեն Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.