2017-06-26 10:25:00

Ի յիշատակ Ֆրանչիսկոս Պապի Գիւմրի կատարած այցին` Գիւմրիի մէջ բացուեցաւ յիշատակի կոթող-յուշարձան։


Գիւմրիի «Սեւ բերդ» ամրոցի տարածքին քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանի նախաձեռնութեամբ Յունիս 25-ին բացուեցաւ կոթողը, որ կազմուած է փակ խորանէ, ուր տեղադրուած է այն նոյն սեղանը, որուն վրայ ձեռամբ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապի, 2016-ի Յունիս 25-ին,  Գիւմրիի կեդրոնական հրապարակին վրայ մատուցուեցաւ  սուրբ եւ անմահ պատարագը:

Տեղադրուած են նաեւ  բեմին վրայ դրուած խաչքարը  եւ Սրբազան Պապի այցի մասին պատմող լուսանկարներ։

Յուշակոթողի բացման պատիւը տրուած է Գիւմրու քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանին, հայ առաքելական եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպիսկոպոս Աջապահեանին եւ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանին:

«Հռոմի Պապին այցը Գիւմրի պատմական է: Քահանայապետին Գիւմրի այցը անխօս կապուած է Շիրակի կաթողիկէ մեծ համայնքին հետ եւ պէտք է այդ օրը յիշուի»,- իր խօսքին մէջ նշած է Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան:

Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ 2016-ի Յունիս 25-ին Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի կողմէ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսը, համապատարագեցին Տանն Կիլիկիոյ Կթողիկէ Հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Ամենապատիւ եւ գերեջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ հայ կաթողիկէներու առաջնորդ` Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեան: Պատարագը լատինական ծէսով էր` ուղեկցուելով նաեւ հայկական շարականներով:

«26 մեթր երկարութեամբ եւ 12  մեթր խորութեամբ խորանը պիտի տեղադրուի Թորոսի կաթողիկէ համայնքին պատկանող ճամբարի տարածքին`  շրջապատուած 50 խաչքարերով` դառնալով եւս մէկ սրբատեղի»,-  լրագրողներուն տեղեկացուցած է Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.