2017-06-24 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքը Հռոմի մէջ լողի մրցարշաւի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 24 յունիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց  Ւտալական լողի դաշնութեան կողմէ կազմակերպուած  Nuoto"Settecolli"  Հռոմի մէջ կայացող լողի մրցարշաւի աւելի  քան 300 մասնակիցները։

Լողի դաշնութեան նախագահի ողջոյնի խօսքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց ներկաները ըսելով  որ լողի մրցարշաւի օրերը,  ուրախութեան եւ խանդաղատանքի օրեր են  մարզիկներուն համար, որովհետեւ մարզանքը նաեւ տօնակախմբութիւն  է, մատնանշելով, թէ  լողի մարզանքը թէպէտ ջուրի մէջ կը կայանայ սակայն ան յարատեւ յանձնառում  եւ կամքի ուժ  կը պահանջէ ու թէ այդ մարզանքը կը փոխանցէ նաեւ կարեւոր արժէքներ։ 

Նորին Սրբութիւնը մաղթանք յայտնեց որ լողի մարզիկներուն ջուրին հետ շփումը նպաստէ նաեւ տարբեր ջուրի մշակոյթին, աւեցնելով որ ջուրը կեանք է եւ առանց ջուրի  կեանքը գոյութիւն չունի։ Խօսիլ կեանքի  մասին կը նշանակէ Աստուծոյ մասին խօսիլ որ  կեանքի ակնաղբիւրն ու ծագումն է   - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը – դիտել տալով նաեւ, թէ քրիստոնէական կեանքը կը սկսի ջուրէն՝  մկրտութեան խորհուրդով։

Ջուրին հետ շփումը  կը սորվեցնէ  խորշիլ  կեանքի ու մարզանքի մէջ տիրող ապականութենէն  ըսաւ Սբրազան Հայրը ապա խօսքը  եզրափակեց ամենայն բարիք մաղթելով  բոլոր ներկաներուն ու անոնց շնորհելով Տիրոջ օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.