2017-06-24 09:04:00

100 Հազար Եուրօ աջակցութիւն՝ Սուրիաբնակ հայերուն Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամէն։


ԵՐԵՒԱՆ.- Հակառակ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով յառաջացած աղէտալի պայմաններուն՝ այնտեղ կը շարունակեն հազարաւոր հայեր ապրիլ: Հայաստան համահայկական հիմնադրամը պարբերաբար աջակցութիւն կը ցուցաբերէ թէ՛ անոնց, թէ՛ հայրենադարձ սուրիահայերուն: 20 Յունիսին, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի յանձնախումբը սուրիաբնակ հայերուն 100 հազար եուրոյին համարժէք գումար նուիրած է: Գումարին նուիրատուութիւնը իրականացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջոցով:

2012-2016 թուականներուն սուրիահայութեան աջակցութեան նպատակով, հիմնադրամին հանգանակած ընդհանուր գումարը կազմած է մօտ 396 միլիոն դրամ: Հասոյթին գերակշիռ մասը կազմուած է հիմնադրամի Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի, Արժանթինի, Պրազիլի, Լիբանանի, Շուէտի, Հոլանտայի յանձնախումբերու Հեռուստամարաթոն 2012ի եւ 2013ի ծիրին մէջ հաւաքագրուած գումարներէն: Հայաստանի մէջ հանգանակութիւնները ուղղուած են բազմաթիւ ծրագիրներու իրականացման. սուրիահայերը Հայաստան տեղափոխելու նպատակով, գործարկուած է 2 չուերթ, փոխհատուցուած է 120 սուրիահայ ուսանողի ուսման վարձը, 39 սուրիահայու սիրտի վիրահատութեան գումարը, 19 ընտանիքի բուժման ծախսերը:

Հանգանակութիւններու միջոցով փոխհատուցուած է Հալէպի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու աշխատավարձը, որուն շնորհիւ վարժարանները պատերազմական ծանր պայմաններուն մէջ կը շարունակեն մինչ օրս գործել:








All the contents on this site are copyrighted ©.