2017-06-23 10:36:00

''Տիրոջ ձայնը ունկնդրելու համար հարկաւոր է փոքրիկ դառնալ''. Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 23 Յունիսին, կը նշուի Յիսուսի Սուրբ Սրտի տօնը, այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը, Տոմուս Սանթա մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, հաստատեց թէ ''Տիրոջ ձայնը ունկնդրելու համար հարկաւոր է փոքրիկ դառնալ''։

Քահանայապետը ընդգծեց թէ մենք չենք որ Աստուած ընտրեցինք այլ Ան է որ մեզի կապուեցաւ, կապուեցաւ մեր կեանքին ու հաւատարիմ կը մնայ իը այդ մօտեցումին։ ''Ան մեզ ընտրեց սիրոյ համար, եթէ մենք չենք հաւատար այս իրականութեան, կարող չենք հասկնալ Քրիստոսի պատգամը` Աւետարանը'',  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով թէ Աստուած սիրահարուեցաւ մեր ''փոքրութեան'' որովհետեւ Ան միշտ կ՛ընտրէ փոքրիկները ու կը յայտնուի անոնց։

Եթէ կ՛ուզենք բան մը հասկնալ Յիսուսի խորհուրդէն, պէտք է որ նուաստանանք, փոքրիկ դառնանք եւ ընդունինք թէ ոչնչութիւն ենք... "Եկէք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ, եւ ես ձեզի հանգիստ պիտի տամ'' ըսած է Յիսուս, յարեց Սրբազան Քահանայապետը, ու ակնարկեց Յիսուսի Սուրբ Սրտին` Քրիստոսի խոցուած սրտին ''որ է յայտնութեան սիրտը, մեր հաւատքին սիրտը'', շեշտեց Սրբազան Պապը­, մատնանշելով Յիսուսին ընտրած հեզութեան ճանապարհին, որով Ան ոչնչացաւ` ու մինչեւ Խաչին վրայ մեռաւ, ընտրելով ''փոքրութեան'' ուղին­, որպէսզի Աստուծոյ Փառքը յայտնուէր։

Հարկաւոր է այստեղեն վերսկսիլ թելադրեց ապա Սրբազան Քահանայապետը քարոզի աւարտին. ''Վերսկսիլ Յիսուս Քրիստոսի խորհուրդէն որ մեզ փրկեց իր հաւատարմութեամբ'' աւելցուց Նորին Սրբութիւնը ու Տիրոջմէն հայցեց շնորհքը` Յիսուս Քրիստոսի սրտին մէջ տեսնելու փրկութեան եւ ազատագրումի վսեմ ծրագիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.