2017-06-23 09:54:00

Հայաստան կը ծրագրէ զբօսաշրջիկներուն թիւը հասցնել տարեկան առնուազն 3 միլիոնի


ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը կը նպատակադրէ 2017-2022 թուականներուն իրականացուելիք քայլերուն եւ միջոցառումներուն շնորհիւ զբօսաշրջութեան տարեկան այցելութիւններու թիւը հասցնել առնուազն 3 միլիոնի: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին նշուած է Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրին մէջ, եւ անիկա նախարարներու արտահերթ նիստին արժանացած է հաւանութեան ու ուղարկուած Ազգային ժողովի քննարկման:

Զբօսաշրջութեան ոլորտը կարգաւորող իրաւական դաշտը կատարելագործելու նպատակով, Հայաստանի կառավարութիւնը կը նախատեսէ մինչեւ 2017ի աւարտը իրականացնել շարք մը նպատակային շուկայ հանդիսացող երկիրներու քաղաքացիներուն համար Հայաստան առանց վիզայի կամ մուտքի արտօնագիրի տրամադրման գործընթացի դիւրացում, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան փոխադրամիջոցներու համար սահմանային անցման դիւրացում:

Մինչեւ 2018ի աւարտը, կառավարութիւնը կը նախատեսէ սահմանել զբօսաշրջութեան ծառայութիւններու նկատմամբ որակական նոր պահանջներ եւ ներդրել անոնց ապահովման կառուցուածքները: Կը նախատեսուի մինչեւ 2019 թուականի աւարտը կատարել զբօսաշրջութեան արձանագրութեան եւ մինչեւ 2020 թուականի վերջը աւարտել հանրապետութեան տարածքին ժամանակակից զբօսաշրջութեան տեղեկատուական միասնական ցանցի ստեղծման աշխատանքները:

Հայաստանի ճանաչելիութիւնը աշխուժացնելու, զբօսաշրջութեան արդիւնքի զանազանութիւնը ապահովելու, վիճակագրական տեղեկատուական համակարգը կատարելագործելու նպատակով՝ Հայաստանի կառավարութիւնը կը նախատեսէ մինչեւ 2017 թուականի աւարտը մշակել եւ ընդունել «Ուխտագնացութիւն առաջին քրիստոնեայ երկիր» ռազմավարութիւնը՝ 2018 թուականին ապահովելով անոր իրականացումը:

Ծրագիրով կը նախատեսուի 2017-2022 թուականներուն ընթացքին պետական աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի մարզերուն մէջ ամէնամեայ աւանդական փառատօներու, տօնակատարութիւններու եւ զբօսաշրջութեան վերաբերող այլ նախաձեռնութիւններու կազմակերպման: 2017-2022 թուականներուն ընթացքին կը նախատեսուի ընդլայնել մարզական զբօսաշրջութիւնը Հայաստանի մէջ, միջազգային մրցաշարերու կազմակերպման միջոցով:

Կը նախատեսուի նաեւ ամրապնդել, զարգացնել եւ խթանել համաշխարհային շուկային մէջ Հայաստանի՝ որպէս ապահով եւ զբօսաշրջութեան համար գրաւիչ երկիրի նկարագիրը, մինչեւ 2018 թուականի աւարտը կատարելագործել զբօսաշրջութեան վիճակագրութեան վարման մեթոտը՝ նախադրեալներ ստեղծելով Զբօսաշրջութեան արբանյակային հաշիւ համակարգի ներդրման համար, մինչեւ 2020 թուականի աւարտը ընդունել էքօ-զբօսաշրջութեան զարգացման հայեցակարգը:








All the contents on this site are copyrighted ©.