2017-06-22 08:21:00

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ''Ունինք ապագայի յստակ տեսլական, գիտենք, թէ ի՛նչ պէտք է փոխել'':


Հայաստանի կառավարութիւնը քաջատեղեակ է այն սպասելիքներուն, որոնք ունի հասարակութիւնը եւ իր ծրագիրին մէջ հաշուի առնած են այդ սպասելիքները: Ազգային ժողովի մէջ կառավարութեան ծրագրի քննարկման ժամանակ այս մասին ըսած է Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան: «Մենք յստակ կը պատկերացնենք մեր ներկան, գիտենք ինչ խնդիրներ եւ հնարաւորութիւններ ունինք: Ունինք նաեւ ապագայի յստակ տեսլական, գիտենք, թէ ինչ պէտք է փոխել: Մենք կը ներկայացնենք առարկայական ծրագիր»,-­ «Արմենփրես»-­ի հաղորդմամբ` ընդգծած է վարչապետը:

Հայաստանը փոքր եւ քիչ աղբիւրներ ունեցող երկիր է, որուն սահմաններուն մեծ մասը փակ է: «Հայաստան ծովային ելք չունեցող երկիր է, որուն չորս սահմաններէն միայն երկուքը բաց է: Մեր երկիրը կը բախի տարածաշրջանային մարտահրաւէրներուն, որոնք կը սպառնան մեր անվտանգութեան: Այս պարունակին մէջ առանցքային է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգ զարգացման իրաւաքաղաքական, ռազմական կայուն երաշխիքներու ձեւաւորման խնդիրը: Մենք կանգնած ենք մեր սահմանները պաշտպանելու մարտահրաւէրներուն առջեւ: Այս հանգամանքներէն մեկնած` մենք պէտք է շարունակենք զարգացնել մեր ռազմական կարողութիւնները` ապահովելով զինուած ուժերու մարտունակութիւնը, մշտապէս կատարելագործումն ու համընթաց արդիականացումը, ինչպէս նաեւ ժամանակակից սպառազինութիւնը: Այս ամէնը չեմ ըսեր հիասթափեցնելու համար: Մենք յստակ կը պատկերացնենք իրականութիւնը: Կան երկիրներ, որոնք գտնուած են աւելի վատ մեկնարկային պայմաններու մէջ, սակայն կրցած են ժամանակի ընթացքին հասնիլ աւելի լաւ պայմաններու: Մեր երկիրը շէն ու բարեկեցիկ դարձնելու բանալին մեր ձեռքն է: Մենք պիտի յաջողինք, եթէ անմնացորդ նուիրուինք մեր գործին, կրթուինք եւ քրտնաջան աշխատինք»,-­ ըսած է վարչապետը:

 Կարէն Կարապետեան ընդգծեց, որ իրենց աշխատանքի որակէն եւ հասարակութեան արձագանգէն կախուած է, թէ որքան արագ կը հասնին իրենց նախանշած նպատակներուն: «Մենք պատասխանատուութենէն չենք խուսափիր: Այս ծրագիրը կը ներկայացնէ մեր պատկերացումը եւ տեսլականը մեր երկրի զարգացման յառաջիկայ 5 տարիներուն համար: Այն նաեւ հիմքեր կը ստեղծէ մեր երկրի երկարաժամկէտ զարգացման համար: Ծրագրի հիմքին մէջ դրուած է անվտանգ, արդար եւ խելացի Հայաստան ունենալու տեսլականը»,-­ ըսած է ան:

ՀՀ վարչապետը ներկայացուց նաեւ կառավարութեան ծրագրի թիրախները` 5 տոկոս ՀՆԱ-­ի աճ, նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում 25 տոկոսով, արտահանման աճի նշանակալի աճի ապահովում` ապրանքներու եւ ծառայութիւններու արտահանման մասնաբաժինը ՀՆԱ­-ի մէջ հասցնելով 40-­45 տոկոսի, աղքատութեան կրճատման ապահովում` իջեցնելով զայն 12 տոկոսային կէտով։








All the contents on this site are copyrighted ©.