2017-06-22 08:33:00

Ռուսերուն շուրջ 90 առ հարիւրը կը պաշտպանէ Փութինի արտաքին քաղաքականութիւնը։


Ռուսիոյ քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը կը պաշտպանէ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ իրագործուող ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը վկայեն «Փիու» հետազօտական կեդրոնի Ռուսիոյ մէջ կատարած հարցախոյզին 20 յունիսին հրապարակուած արդիւնքները:

Ըստ հարցախոյզին տուեալներուն, ներկայիս ռուսերուն 87 առ հարիւրը վստահ է, որ իրենց ղեկավարը ճիշդ գործողութիւններու կը ձեռնարկէ համաշխարհային ասպարէզին մէջ: Այդպիսի վստահութեան բացակայութեան մասին յայտարարած է քաղաքացիներուն միայն 12 առ հարիւրը: Հարցախոյզի մասնակիցներուն 59 առ հարիւրին կարծիքով` Ռուսիան վերջին տասը տարուան ընթացքին սկսած է աւելի կարեւոր դեր խաղալ միջազգային գործերուն մէջ:

Հարցախոյզի մասնակիցներուն 78 առ հարիւրը հաւանութիւն կու տայ Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու կառուցման Փութինի մօտեցումին (16 առ հարիւրը համաձայն չէ): Միացեալ Նահանգներու վերաբերեալ հաւանութիւն տուողները կազմած են հարցախոյզի մասնակիցներուն 73 առ հարիւրը, իսկ հաւանութիւն չտուողները` 22 առ հարիւրը, Եւրոպական Միութեան վերաբերեալ` 67 առ հարիւրը, իսկ հաւանութիւն չտուողները` 26 առ հարիւրը: Ուքրանիոյ վերաբերեալ հաւանութիւն տուողներ` 63 առ հարիւրը, իսկ հաւանութիւն չտուողները` 29 առ հարիւրը:

Փութինի տնտեսական քաղաքականութեան աջակցութիւն յայտնած են ռուսերուն 55 առ հարիւրը: Անոնց հակառակ կարծիքը յայտնած են քաղաքացիներուն 40 առ հարիւրը: Նախագահի` փտածութեան դէմ պայքարի ջանքերուն հաւանութիւն տուած է ռուսերուն 49 առ հարիւրը, իսկ հաւանութիւն չեն տար 45 առ հարիւրը: Քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ քաղաքականութիւնը կը պաշտպանեն հարցախոյզի մասնակիցներուն 57 առ հարիւրը, չեն պաշտպաներ` 35 առ հարիւրը: Ուժանիւթի քաղաքականութեան կը զօրակցի ռուսերուն 60 առ հարիւրը, իսկ 28 առ հարիւրը` ոչ:

Հարցախոյզին 18 փետրուարէն 3 ապրիլի միջեւ մասնակցած են 1002 ռուսեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.