2017-06-22 09:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստանի այցելութեան տարեդարձին առթիւ Գիւմրիի մէջ Սուրբ Պատարագ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 24,25 եւ 26 Յունիսին կը նշուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անցեալ տարի (24-26 յունիս 2016-ին) Հայաստան կատարած առաքելական պատմական ճամբորդութեան առաջին տարեդարձը։ Այս առթիւ, Գիւմրիի հայ համայնքը, կիրակի 25 Յունիսին, սուրբ պատարագի արարողութեամբ պիտի յիշատակէ Նորին Սրբութեան 2016-ի` 25 յունիսին, Հայաստանի առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Գիւմրի կատարած հովուական այցելութեան տարեդարձը, ուր Ան Գիւմրիի կեդրոնական հրապարակին վրայ նախագահած էր Սուրբ պատարագի արարողութեան, մասնակցութեամբ 100 հազարէ աւելի հաւատացեալներու։

Սրբազան Քահանայապետի Հայաստանի առաքելական ճամբորդութեան առաջին տարեդարձին մասին մեր հետ զրուցեց Արհ. Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանը Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէներու առաջնորդը... 








All the contents on this site are copyrighted ©.