2017-06-22 14:01:00

Ընտրուեցաւ Անտիոքի Կաթողիկէ Յոյն Մելքիթներու նոր Պատրիարքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յոյն Կաթողիկէ Մելքիթներու եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը, որ գումարուած էր Լիբանանի ''Այն Թրազ'' շրջանին մէջ, ընտրեց Անտիոքի Յոյն Մելքիթ Եկեղեցւոյ նոր Պատրիարքը` յանձնիս գերապայծառ ԺոզէՖ Ապսիի, որ 2001-էն ասդին կը վարեր Դամասկոսի Պատրիարքական փոխանորդութեան արքեպիսկոպոսի պաշտօնը։

Նորընտիր Պատրիարքը ծնած է 20 Յունիս 1946-ին։ Անդամ է Սուրբ Պօղոս միաբանութեան ու Քահանայ ձեռնադրուած է 6 Մայիս 1973-ին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 21 Յունիս 2017-ին, Արեւելեան Եկեղեցիներու եկեղեցական կանոնագիրքի 72 յօդուածին հիման վրայ, նորընտիր Պատրիարքին շնորհեց ''Եկեղեցական Հաղորդութիւնը'' ապա Անոր յղեց շնորհաւորական նամակ մը  որուն մէջ յայտնեց իր բարի մաղթանքները, Անոր վստահեցնելով իր աղօթքները ''որպէսզի Քրիստոս` Բարի Հովիւը թիկունք կանգնի ձեր ծառայական առաքելութեան'' գրեց Սրբազան Քահանայապետը նամակին մէջ,  անդրադառնալով Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան ու այնտեղ ապրող քրիստոնեաներու առաքելութեան­, ըլլալու հաւատքի վկաներ ` մեռած ու Յարութիւն առած Քրիստոսին։

''Այս յատուկ դժուար ժամանակաշրջանին, հովիւները կանչուած են բացայայտելու` հաղորդութիւն, միութիւն, կարեկցութիւն ու զօրակցութիւն ինչպէս նաեւ թափանցկութիւն, տառապող Աստուծոյ ժողովուրդին դիմաց'' գրած է  Սրբազան Քահանայապետը որ ապա վստահութիւն յայտնած է թէ Նորընտիր Պատրիարքը պիտի կարենայ` եղբայրական ներդաշնակութեամբ ու աւետարանական իմաստութեամբ ըլլալ ''Հայր ու Պետ''` ի ծառայութիւն Յոյն Մելքիթ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն։

Սրբազան Պապը Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր հովանիին յանձնելով նորընտիր պատրիարքը` Անոր, եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու Յոյն Մելքիթ եկեղեցւոյ բոլոր հաւատացեալներուն շնորհած է իր առաքելական օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.