2017-06-21 12:26:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Վարմունքէդ Կռահեցի…

Փոխյարաբերական կեանքի ամէնէն կարեւորը մարդու վարուեցողութիւնն է իր շրջապատին հետ: Առհասարակ մարդու վարմունքը դաստիարակութեան եւ կազմաւորման հետ կապ ունի: Կենդանական աշխարհին մէջ կրկնողութիւնը կը փոխարինէ դաստիարակութիւնը, երբ որոշ շարժուձեւեր կենդանին բազում անգամ կրկնելով կը սորվի, առաջին քանի մը տասնեակ անգամին համար իր նախասիրած կերակրատեսակով վարձատրուելով: Ասիկա կրկէսներու ընթացքին յաճախ տեսնուող երեւոյթ է, երբ նոյնիսկ վայրի գազաններ կ՛ենթարկուին ճղճիմ մարմինով ուսուցողներու, հնազանդելով անոնց, վասն դո՛յզն գնահատանքի:

Մարդու տեսակը միշտ վեր է կենդանականէն: Մինչ անասուններու գործելակերպը կը բացատրուի անոնց բնազդային շարժուձեւերով, մարդուն պարագային արեան առնչակցութեամբ: Մեր գրականութեան մէջ եւս տեղ գտած է այս բացատրութիւնը, երբ մեր ցեղային իւրայատկութիւններու կամ նմանութեան միջոցով մեր զօրութիւնը ցոյց տալու համար, մեր ազգին միջեւ արեան միութիւն կը ներկայացնենք: Մեզի իրար ագուցող եւ փոխադարձ պատկանելիութիւն պարտադրող երեւոյթը յաճախ կը կոչենք «արեան կանչ»: Ազգային միութեան գետին կը հանդիսանայ արիւնը, որ ազգի մը զաւակները կը համախմբէ, հակառակ աշխարհագրական հեռաւորութեան եւ անձնապէս իրարու ծանօթ չըլլալուն:

Օտար երկրի մը մէջ ազգակիցի մը հանդիպելու կամ մայրենի լեզուով խօսողի մը բարեւելու զգացումը, յատկապէս փոքրաթիւ եղող ազգերու զաւակներուն ունեցած ապրումներուն ազնուագոյնն է…։ Անոնք շուտով քով-քովի կու գան եւ կը մտերմանան: Թերեւս իրենց ապրած երկիրներուն մէջ, կամ՝ նոյնիսկ իրենց հայրենիքին մէջ իրարու հանդիպէին, բայց այնքան ջերմութիւն չցուցաբերէին, որքան օտարութեան մէջ…։ Ի՞նչ է պատճառը.

_ Արեան կանչը:

Ուրեմն, արիւնը այնքան ոյժ ունի, որ մինչեւ իսկ լեզուի կ՛ելլէ, կը խօսի, կը ձայնէ, կը կանչէ, կը յուզէ, կը բողոքէ, կը դատէ, կը խանդավառէ…։

Աստուածաշունչի առաջին գլուխներուն մէջ յիշուած աշխարհի առաջին զոյգին՝ Ադամին ու Եւային զաւակներուն՝ Աբէլին եւ Կայէնին դժբախտ պատահարը, գրեթէ բոլորին ծանօթ է: Նախանձի հետեւանքով թափուած արիւնը, գետնէն բողոք ներկայացուց առ Աստուած… (Ծն 4.10):

Նախապատմական ժամանակներէն սկսեալ, երբ քաղաքակրթութիւնը զարգացած չէր, մինչեւ ներկայ ժամանակներ, արեան համար փոխվրէժի գաղափարը վառ կը մնայ շատերու միտքին մէջ: Յիսուսի վարդապետութիւնը ներումի գաղափարը շեշտեց, սակայն դէպքի պայմաններուն համապատասխան մեկնաբանութիւններ կը տրուին յաճախ այդ գաղափարին շուրջ, բանավէճի նիւթ դարձնելով զայն:

Արիւնը, ուրեմն, այնքան թանկագին է, որ անոր հեղումը մեծ յանցանք կը համարուի նախ՝ Աստուծոյ եւ ապա մարդ էակին կողմէ: Յանցանք, որուն համար պատիժ պէտք է կրէ զայն հեղողը, իսկ այդ անձին անունին հանգիստ խղճմտանքով կը կցենք «ոճրագործ» անարգական պիտակը: Աստուածային վերջնական պատիժի սահմանումէն բացի, քաղաքացիական օրէնքներ յատուկ պատիժներ կը սահմանեն ոճիրը գործող ենթակային համար, ըստ տուեալ երկրի ընդունած պատժամիջոցներու խստութեան չափանիշերուն:

Կ՛ըսուի, թէ քաղաքի մը թագաւորը իբրեւ պատիժ ճաշէ կը զրկէր իր այն ծառաները, որոնք սխալ կը գործէին: Մէկուն մէկ օր, միւսին երկու օր, երրորդին՝ երեք օր եւ այսպէս, ըստ յանցանքի մեծութեան՝ մէկ օր աւելցնելով ճաշէ զրկուելու պատիժին վրայ:

Ծառայ մը, որ մեծ յանցանք գործած էր, թագաւորին կողմէ կը պատժուի ամէնէն ծանր՝ հինգ օրուան ճաշի զրկումով: Ծառան ներկայանալով թագաւորին, հրաման կը խնդրէ երկու խօսք ըսելու եւ ապա իր պատիժը կրելու: Թագաւորը կ՛արտօնէ, եւ ծառան կը յայտնէ անոր կեանքին վերաբերող մեծ գաղտնիքը, թէ ինք նախկին թագաւորին զաւակը չէ՛, այլ՝ պալատի խոհարարին…։ Թագաւորը զայրացած կը դիմէ իր պառաւ մօր, բացայայտելու համար ճշմարտութիւնը: Մայր թագուհին կ՛ըսէ, թէ ճիշդ է ըսուածը, որովհետեւ երկու աղջիկ զաւակներ ունենալէ ետք, իր ամուսին թագաւորը իրենց երրորդ աղջիկ զաւակը փոխանակած էր խոհարարին կնոջ նոր ծննդաբերած արու զաւակին հետ, որպէսզի գահաժառանգ ունենար…։ Թագաւորը այս լսելով, իր քով կը կանչէ ծանր յանցանք գործող ծառան, ստուգելու համար, թէ ուրկէ՞ լսած էր այս գաղտնիքը: Ծառան ներկայանալով թագաւորին, կ՛ըսէ.

_ Տէ՛ր իմ, վարմունքէդ կռահեցի, որովհետեւ բոլոր յանցանքներուն պարագային ալ, քու սահմանած պատիժդ կերակուրի հետ առնչուած է. ուրեմն արեանդ մէջ ազնուական արիւն չկայ, այլ՝ խոհարարի…։

Լսուած այս բարոյալից պատմուածքը խորունկ իմաստ ունի իր մէջ, որ ցոյց կու տայ արեան միջոցաւ փոխանցուող մարդկային բնաւորութեան գիծերուն ցայտուն գործունէութիւնը կեանքի ընթացքին: Երբեմն տարբեր հանգամանքներ ստանալով, տիտղոսներ ունենալով եւ բարձրագոյն վկայականներու տիրանալով կը կարծենք, թէ մեր արեան տեսակը կրնանք փոփոխութեան ենթարկել: Ինչ որ ծնած ենք, այդ ալ պիտի մնանք մեր իսկութեան մէջ, դաստիարակութեան միջոցաւ միայն զսպել կարենալով մեր յոռի ձգտումները եւ արարքները:

Ոմանք ծածուկ պահելով իրենց բուն ինքնութիւնը, իրենց շրջապատին այլ վարմունք կը ցուցաբերեն, իրենց արեան միջոցաւ փոխանցուածին ճիշդ հակառակը ընել փորձելով: Սակայն շուտով կը յայտնուի անոնց ինքնութիւնը  իրենց վարմունքով: Այնպէս, ինչպէս սուր դանակը կտաւէ պարկին մէջ պահել անկարելի է, որովհետեւ շուտով իր քիթը դուրս կը ցցէ, նոյնպէս ալ մարդու վարմունքը երկար ժամանակ ծածուկ պահել անկարելի է: Բնաւորութիւնը աւելի երկարակեաց է քան մարդը, որովհետեւ «մարդու հոգին դուրս չեկած, բնաւորութիւնը դուրս չի՛ գար», կ՛ըսէ առածը:








All the contents on this site are copyrighted ©.