2017-06-21 11:21:00

Հայաստան կ՛ակնկալէ Եւրոմիութեան անդամներու «յստակ աջակցութիւնը»


Հայաստան կ՛ակնկալէ Եւրոպական Միութեան անդամ-պետութիւններու «յստակ աջակցութիւնը» մուտքի արտօնագրի ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկի հարցով, ըստ Մեդիամաքսի՝  ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան` Յունիս 19-ին Լիւքսեմպուրկի մէջ ելոյթ ունենալով Արեւելեան գործընկերութեան նախարարական հանդիպման ժամանակ:

«Համեմատաբար կարճ ժամանակի մէջ մենք կրցանք աւարտել Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները: Բնագիրը նախաստորագրուած է, եւ կ՛ակնկալենք զայն ստորագրել գալիք գագաթնաժողովի ընթացքին:

«Գրեթէ զուգահեռաբար քննարկեցինք եւ համաձայնութեան եկանք 2017-2020-ի Գործընկերութեան առաջնահերթութիւններու շուրջ: Այս երկու կարեւոր փաստաթուղթերը պիտի առաջնորդեն Հայաստան-ԵՄ գործընկերութիւնը յառաջիկայ տարիներուն եւ պիտի օգնեն մեզի ամրապնդելու մեր փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը», – ըսած է նախարարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.