2017-06-20 13:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 20 յունիսի թուիթները Պոցցոլօ եւ Պարպիանա ուխտագնացութեան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 20 յունիս 2017-ին, Ւտալիոյ Պոցցոլօ եւ Պարպիանա քաղաքներու  կատարած ուխտագնացութեան առթիւ  Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց թուիթներ. առաջին թուիթին  մէջ գրեց. 

''Տոն Մացցոլարին չ՛ափսոսաց  եկեղեցւոյ անցեալին համար, այլ փնտռեց  աշխարհն ու եկեղեցին փոխել սիրոյ միջոցաւ'

Տոն Լորենցօ Միլանիի դամբարանը այցելելէ ետք  ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց այլ թուիթ մը որուն մէջ գրեց. 

''Եկեղեցին զոր Տոն Միլանին աշխարհին ցոյց տուաւ, ունի մայրական  հոգատար դիմագիծ, որ կը ձգտի բոլորին շնորհել Աստուծոյ հանդիպելու կարելիութիւնը''   

Սրբազան Հայրը ապա հրապարակեց այլ թուիթ մը՝ փախստականներու եւ գաղթականներու նուիրուած օրուան առթիւ, որուն մէջ գրեց.

''Փախստականներու հետ անձնական հանդիպումը կը փառատէ վախն ու սխալ գաղափարապաշտութիւնները եւ կը դառնայ  գործօն մարդկային աճումի''։   








All the contents on this site are copyrighted ©.