2017-06-20 08:48:00

Յունուար 2018-ին Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Չիլէն եւ Փերուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ Ֆրանչսիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` ընդառաջելով Զիլէի եւ Փերուի նախագահներու ու եպիսկոպոսներու հրաւէրին­, առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Չիլէ` 15-18 Յունուար 2018-ին, այցելելով Սանդիակօ, Թեմուքօ եւ Իքուիքէ քաղաքները ապա Փերու` 18-21 Յունուար 2018-ին­, ուր պիտի այցելէ Լիմա, Փուերթօ Մալտոնատօ եւ Թրույիլօ քաղաքները։

Առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը պիտի հրատարակուի մօտ ապագային։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.