2017-06-20 09:04:00

Ահաբեկչական արարքներ Փարիզի եւ Լոնտոնի մէջ


Երկուշաբթի 19 Յունիսին Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ` Շանզ Էլիզէի մէջ անյայտ անձ մը բեռնատար մեքենայով ոստիկանական ինքնաշարժի մը մէջ մխրճուած է, որմէ ետք բեռնատար մեքենան հրկիզուած է: Ոստիկանները արդէն ձերբակալած են բեռնատարին վարորդը:

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Փիեռ Պրանտէ յայտնած է, որ ըստ նախնական տուեալներուն, վրայերթը դիտումնաւոր էր, իսկ յանցագործը «ամենայն հաւանականութեամբ մահացած է»: Յայտնի է նաեւ, որ բեռնատարին վարորդը զինուած եղած է: Ոստիկանութիւնը անվտանգութեան լայնածաւալ գործողութեան մը սկսած է տարածքին մէջ:

Միւս կողմէն, նոյն օրը, անծանօթ մը փոքր փոխադրակառքով մը, հիւսիսային Լոնտոնի մէջ մզկիթի մը մօտ վրայերթի ենթարկեց անցորդներ,  արձանագրուեցաւ մէկ զոհ եւ 10 վիրաւորներ։ Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ Ֆինսպըրի Փարքի մզկիթին մօտ «ահաբեկչական յարձակում»-էն ետք 8 անձեր փոխադրուած են հիւանդանոց:

Դէպքի վայրին մէջ գտնուող քաղաքացիները յաջողեցան ձերբակալել եւ ոստիկանութեան յանձնել 48-ամեայ վարիչը: Ոստիկանութիւնը ըսաւ, որ զոհն ու վիրաւորները իսլամ են: Ականատեսներէն մէկը «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ ան բացագանչած է` «կ՛ուզեմ իսլամներ սպաննել»:

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ կատարուածը «ահաւոր դէպք» նկատեց: Ասիկա Ուեսթմինիսթըրի, Մանչեսթըրի եւ Լոնտոնի կամուրջին մէջ պատահած դէպքերուն հետ չորս ամսուան ընթացքին Բրիտանիոյ մէջ չորրորդ ահաբեկչական յարձակումն է:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.