(Ռատիօ Վատիկան) 19-էն-22 յունիս 2017, Քանատայի Քեպէք քաղաքին մէջ ընթացք կ՝առնէ հաղորդագրութեան համար Կաթողիկէ միջազգային Signis ընկերակցութեան համաշխարհային վեհաժողովը։
Այս առթիւ, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին պատգամ մը յղած է ժողովականներուն, յայտնելով Նորին Սրբութեան քաջալերանքը շարունակելու որոնել արուեստագիտական եւ ընկերային բոլոր միջոցները, համագործակցելու խաղաղութեան Աւետարանի հռչակումի եկեղեցւոյ առաքելութեան։
Նորին Սրբութիւնը ապա մաղթանք յայտնած է որ Վեհաժողովը կարողանայ ներշնչել յոյս՝ հասանելի բոլորին, նոյնիսկ այն վայրերուն մէջ ու կեանքը կը ճանչնայ ձախողութեան դաժանութիւնը'' մինչ պատգամին աւարտին Ան բոլորին շնորհած է իր առաքելական օրհնութիւնը։
Յայտնենք թէ Signis կաթողիկէ ընկերակցութեան վեհաժողովին, ՝ 19 յունիս 2017-ին, յատուկ նիստ մը պիտի գումարուի ''Վատիկանի հաղորդամիջոցներու բարենորոգումի նիւթին մասին'', ունենալով որպէս բնաբան. հաղորդամիջոցը՝ խաղաղութեան մշակոյթի ի սպաս. զարգացնել յոյսի պատմութիւններ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |