2017-06-19 09:43:00

Փորթօ Ռիքոյի բնակիչները քուէարկած են ի նպաստ միացեալ նահանգներու միացման


Փորթօ Ռիքոյի բնակիչները հանրաքուէի ընթացքին քուէարկած են ի նպաստ կղզիին համար քաղաքական նոր կարգավիճակի` փափաքելով, որ երկիրը ներառուի Միացեալ Նահանգներու կազմին մէջ եւ դառնայ 51-րդ նահանգը:

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ տեղացիներուն առաջարկուած է երկրի քաղաքական ապագային վերաբերեալ երեք տարբերակ` Միացեալ Նահանգներու նահանգ, ազատ ընկերակցող տարածք կամ ներկայ չներառուած տարածքի կարգավիճակ:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ հանրաքուէի արդիւնքներուն համաձայն, քուէարկողներուն 97 առ հարիւրը զօրակցած է կղզիին պաշտօնապէս Միացեալ Նահանգներու կազմին միացման, մնացեալ 1,5 եւ 1,32 առ հարիւրները քուէարկած են երկրորդ եւ համապատասխանաբար երրորդ տարբերակներուն ի նպաստ:

Այժմ հանրաքուէի արդիւնքը պէտք է իրաւականօրէն ամրագրուի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, որ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը չէր աջակցած հանրաքուէի կայացման:

Նշենք, որ հանրաքուէին մասնակցութեան համեմատութիւնը միայն 23 առ հարիւր էր:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.