2017-06-19 09:28:00

Ռայի Պատրիարքը Լիբանանեան իշխանութիւնները կը հրաւիրէ լուծում գտնել տնտեսական տագնապին։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որ նուիրուած էր հայրերու օրուան:

Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ հայրենիքը հայր է ու մայր` աւելցնելով, որ հայրենիքին ղեկավարները պէտք է նուիրումով գործեն` նորահաս սերունդներուն աւելի լաւ ապագայ մը ապահովելու համար:

«Կը սպասենք, որ երկրին իշխանութիւնները լուծում մը գտնեն Լիբանանի տնտեսական տագնապին, ինչպէս նաեւ երկրին ու քաղաքացիներուն վրայ սուրիացի գաղթականներուն ունեցած հետեւանքներուն», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.