2017-06-19 15:21:00

Արեւելեան եկեղեցիներուն ժողովի 90-րդ տարեկան ընդհանուր նիստը. հաղորդագրութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովը, երկուշաբթի, 19 յունիս 2017-ին, հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուց, թէ 19 յունիս 2017-ին, յետմիջօրէին, սկիզբ կ՝առնէ Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական մարմնի ''ROACO''-ի  90րդ տարեկան ընդհանուր ժողովը որ  պիտի տեւէ մինչեւ 22 յունիս 2017։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ  երեքշաբթի, 20 յունիս 2017-ի առաւօտեան ժամը 8.30ին, Հռոմի Սանթա Մարիա ին Թրասփոնթինա եկեղեցւոյ մէջ,   Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ` Տիրամօր բարեխօսութեան պիտի յանձնէ վերոյիշեալ ժողովի  աշխատանքները ապա յատուկէն աղօթք պիտի կատարուի բոլոր ննջեցեալ  եւ ապրող բարերարներուն համար։  Պատարագի ընթացքին պիտի յիշուի նաեւ Պրուքսել- Մալինես թեմի  երբեմնի եպիսկոպոս եւ Ռոաքոյի երբեմնի քարտուղար` Գերապայծառ Լէօ Լեմմենսը, որ մահկանացուն կնքեց վերջերս։

Երեքշաբթի, 20 յունիսի նիստերու ընթացքին պիտի քննարկուին, միջին արեւելքի եկեղեցիներու կացութիւնը, յատուկէն  կեդրոնանալով Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Սուրիոյ վրայ, ի  ներկայութեամբ եւ օժանդակութեամբ  Քահանայապետական ներկայացուցիչներու ՝ Սուրիոյ համար Կարդինալ Մարիօ Զենարի, Եգիպտոսի համար գերապայծառ Պրունօ Մուզարոյի, Ւրաքի համար Գերապայծառ Ալպերթօ Օրթեկայի ինչպէս նաեւ գերապայծառ Ռիչարտ Կակլակերի` Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար  եւ գերապայծառ Ճովաննի Փիեթրօ Տալ Թոզոյի։

Նոյն օրը պիտի զրուցուի նաեւ Սուրբ Երկրի եկեղեցւոյ կացութեան մասին, որուն ծիրէ ներս, պիտի քննարկուին ''Աւագ Ուրբաթ օրուայ'' դրամահաւաքի  միջոցաւ իրականացուած ծրագիրները, ի ներկայութեամբ Երուսաղեմի առաքելական պատուիրակ` Գերապայծառ Ժուզեփփէ Լածարոթթոյի, եւ Սուրբ Երկրի  Պահակ Ֆրանչիսկեան հայր Փաթթոյի  ինչպէս նաեւ Բեթղեհէմի համալսարանի փոխ քարտուղար հայր Փիթեր Պրայինի։

21 յունիսի նիստը ամբողջութեամբ պիտի նուիրուի,  նորընծաներու կազմաւորումին ինչպէս քահանաներու մնայուն կազմաւորումի  քննարկումին, որուն ընթացքի խօսք պիտի առնեն զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։ 

Հինգշաբթի, 22 յունիսին, առաւօտեան նախատեսուած է  Ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ ունկնդրութիւնը` Ռոաքոյի տարեկան ընդհանուր նիստի մասնակիցներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.