2017-06-19 09:39:00

Կայունութեան եւրոպական մեքանիզմը 8,5 միլիառ եւրոյի նոր վարկ պիտի յատկացնէ Յունաստանին


Կայունութեան եւրոպական մեքանիզմը, որ նախատեսուած է եւրոյի գօտիի` ճգնաժամային իրավիճակի մէջ յայտնուած երկիրներուն աջակցութեան համար, Յունաստանին նոր վարկ յատկացուցած է:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ եւրոյի գօտիի անդամ պետութիւններու ելեւմուտքի նախարարներուն որոշումով` Աթէնքին պիտի տրամադրուի 8,5 միլիառ եւրօ (շուրջ 9,5 միլիառ տոլար), սակայն գումարը պիտի տրուի մաս առ մաս:

Վարկին առաջին մասը` 7,7 միլիառ եւրօ, պիտի փոխանցուի յուլիսի սկիզբը, յաջորդ մասը` 0,8 միլիառ եւրոն, պիտի փոխանցուի ամառուընէ ետք, երբ Աթէնքը կատարէ շարք մը նախապայմաններ:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ 2015-էն ի վեր Կայունութեան եւրոպական մեքանիզմը Յունաստանին վճարած է 31,7 միլիառ եւրօ: Անիկա չի բացառեր, որ կառոյցը կրնայ Յունաստանին օգնութեան ծրագիրի շրջանին մէջ մինչեւ 86 միլիառ եւրօ յատկացնել:








All the contents on this site are copyrighted ©.