2017-06-18 09:14:00

Կիրակի 18 Յունիս 2017 - Տօն Սուրբ Եկեղեցւոյ (Յովհաննէս Ժ. 22-30)


Նաւակատիքը տաճարի մեծ տօներէն մին էր. Այս տօնը հաստատուած էր Քրիստոսէ առաջ 165 թուականին Յուդա Մակաբայեցիի կողմէ, յետ մաքրելու տաճարը, որ պղծուած էր Անտիոքոս Դ. Եպիփան կոչուած թագաւորին կողմէ։ Արդարեւ այս բռնաւորը ստիպած էր Հրէաները տաճարին մէջ դնելու իր իսկ արձանը, երկար ժամանակ, մինչեւ որ Մակաբայեցի եղբայրներու յեղափոխութեամբ` յետ յաղթելու Անտիոքոսին, կարելի եղած էր զայն վերցնել տաճարէն։ Անշուշտ հարկ էր վերստին օրհնել Սուրբ տաճարը այս սրբապղծութենէն ետք։

Նաւակատիքի այս տօնը տեղի կ՛ունենար ձմեռ ատեն, դեկտեմբեր ամսոյն վերջերը, եւ ընդհանրապէս կը զուգադիպի միշտ քրիստոնեաներու ծննդեան հետ. Հրէական բարբառով` տօնը կը կոչուի Հանուքքա եւ կը տեւէ ութը օր. Այդ տօնի ընթացքին է որ կը վառեն 7 մոմերով շինուած աշտանակը։ Քրիստոնէական սուրբ եկեղեցւոյ տօնին հետ կը զուգենք Աւետարանի այս ընթերցումը, որովհետեւ այն ինչ որ տաճարին մէջ կը յայտարարուի պաշտօնական հանգամանք կ՛առնէ եւ Յիսուս կը յայտնէ բոլորին իր մեսիական պաշտօնն ու առաքելութիւնը. ամէնքը պարտին գիտնալ թէ ինքն է սպասուած Մեսիան:

Ո՞վ էր Մեսիան եւ ի՞նչ պիտի գար ընելու աշխարհի մէջ. Ըստ Հրէաներուն` ան խոստացուած փրկիչն էր որ պիտի ազատէր վերջնականապէս Հրէաները իրենց ենթակայութենէն ուրիշ ազգերու. Այս պարագային` պիտի փրկէր զիրենք հռովմէական իշխանութենէն. Ուրիշ տեսակի Մեսիա չէր անոնց սպասածը։ Իսկ Յիսուս, որ իսկական փրկիչն է աշխարհի, կ՛ուզէ հաստատել նոր մեսիական ըմբռնում մը. Ինք չէ եկած իշխանութիւններու դէմ յեղափոխութիւն ընելու, կայսրութիւններ տապալելու եւ ընկճուած ազգերուն ազատութիւն եւ անկախութիւն պարգեւելու. Ինք հոգեւոր Մեսիան է, այսինքն խոստացուած այն փրկիչը որ պիտի գար մարդոց մեղքերը քաւելու. այն որ առաջին մարդուն մեղքէն ետք` խոստացուեցաւ Աստուծոյ կողմէ, որպէս քաւիչ համայն մարդկութեան յանցանքներուն եւ փրկիչ բոլոր աշխարհի, եւ ոչ միայն Հրէայ ազգին։

Յիսուս գործած էր շատ մը հրաշքներ, որոնք փաստն էին թէ ինք իսկապէս խոստացուած Մեսիան էր, Քրիստոսը, օծուած Աստուծոյ կողմէ որպէս թագաւոր մարդկութեան եւ ուղարկուած աշխարհ` հոն հաստատելու Աստուծոյ թագաւորութիւնը. Յիսուսի առաջին քարոզութեան նիւթն էր. Ապաշխարեցէք, որովհետեւ մօտեցած է Աստուծոյ արքայութիւնը։ Այս բոլոր նշանները սակայն անհասկնալի կը մնային Հրէայ մեծերուն համար, անոնք տակաւին նոր նշաններ կ՛ուզէին եւ հակառակ Յիսուսի ձեռքով կատարուած բոլոր հրաշքներուն` տակաւին կը յամառէին իրենց անհաւատութեան մէջ։

Պատճառը շատ պարզ էր. Յիսուս յայտնեց զայն իրենց յստակօրէն. Դուք չէք հաւատար ինծի, որովհետեւ իմ ոչխարներէս չէք։ Այսինքն դուք կը լսէք իմ խօսքերս, կը տեսնէք իմ գործերս, սակայն մտիկ չէք ըներ այդ խօսքերուն եւ կոյր կը ձեւանաք կատարուած հրաշքներուն առջեւ. Անոնք չեն խօսիր ձեր սրտին, որովհետեւ դուք ուրիշ բան կը սպասէք եւ ոչ թէ Աստուծոյ խօսքը։

Երեք պայման կայ մաս կազմելու Քրիստոսի ոչխարներու խումբին. Նախ մտիկ պէտք է ընել իր ձայնին – մտիկ ընել կը նշանակէ լսել եւ հասկնալ -. Ապա պէտք է ճանչցուիլ Յիսուսէն, ստանալ անոր հաւանութիւնը թէ իսկապէս իր աշակերտներուն մաս կը կազմենք. Եւ երրորդ` պէտք է հետեւիլ իրեն, թէ՛ իր սորվեցուցած վարդապետութեան եւ թէ՛ մանաւանդ իր զոհաբերուած կեանքին. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.