2017-06-17 10:23:00

Ձեռնարկներ ի նպաստ կեանքի, գաղթականներուն, աղքատներուն եւ Վենեզուելլայի։


(Ռատիօ Վատիկան) 17 եւ 18 Յունիսին`  Զուիցերիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի, տեղական Քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ եւ Զուիցերիոյ հրեայ համայնքի համատեղ նախաձեռնութեամբ  կը նշուի ''Գաղթականներու շաբաթն ու կիրակին'' որուն նպատակն է զօրակցութիւն ցուցաբերել ապաստանեալներուն ու տառապող ժողովուրդներուն, հրաւէր ուղղելով ''հանդիպումի ու կամուրջներու կառուցման''։

Իսկ 18 Յունիսին Սպանիոյ մէջ կը նշուի եղբայրսիրութեան օրը, հռչակուած տեղական Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ, որուն առթիւ նախատեսուած է նաեւ դրամահաւաք, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի աղքատներուն։ Ապա 18 եւ 19 Յունիսին Մեքսիքոյի Քարիթասը կազմակերպած է յատուկ եւ արտակարգ դրամահաւաք վասն Վենեզուելլայի` որուն բնակչութիւնը ամիսներէ ի վեր կ՛ապրի տագնապալից օրեր։  Հուսկ նշենք թէ Կիրակի 18 Յունիսին Անգլիոյ եւ Կալլէսի մէջ կը նշուի Կեանքի օրը, որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, անցեալ օրերուն, զօրակցութեան պատգամ մը յղած էր բոլոր մասնակիցներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.