2017-06-17 11:32:00

Լեւոն Արոնեան դարձաւ աշխարհի ամենաուժեղ մրցաշարերէն մէկուն յաղթողը


Ճատրակի Հայաստանի ազգային խումբի առաջատար Լեւոն Արոնեանը դարձաւ Սդաւանկըրի գերխոշոր մրցաշարի յաղթող:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ մրցաշարի 9-րդ խաղին, Արոնեանը կը մրցէր Ուեսլի Սոյի հետ եւ 59-րդ քայլին, գրոսմայսթըրները կիսեցին միաւորները:

9 հնարաւորէն հաւաքելով 6 միաւոր՝ Արոնեան դարձաւ աշխարհի ամենաուժեղ մրցաշարերէն մէկուն յաղթողը:

Երկրորդ տեղը ընթացող Հիկարու Նագամուրան պարտութիւն կրեց վերջին խաղին: Norway chess մրցաշարի մրցաշարային ֆոնտը կը կազմէ 250 հազար ԱՄՆ տոլար: Առաջին մրցանակակիրը պիտի ստանայ 70.000 ԱՄՆ տոլար:

Լիբանանի խորհրդարանը վաւերացուց համամասնական ընտրական օրէնքը

16 յունիս 2017-ի յետմիջօրէն Լիբանանի համար եղաւ պատմական: Մուրճի հարուածով մը եւ «վաւերացուած» բառով Լիբանան ունեցաւ ընտրական նոր օրէնք մը, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ` ներառելով վարկանշային քուէն, եւ Լիբանանը բաժնելով 15 ընտրաշրջանի:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն օրակարգին վրայ կար մէկ կէտ` ընտրական օրէնքի քննարկումը:

Նիստի աւարտին կառավարութեան վաւերացումին արժանացած եւ խորհրդարան փոխանցուած համամասնական ընտրական օրէնքը վաւերացուեցաւ 115 թեր քուէներով եւ կարգ մը բարեփոխումներով: Ընտրական օրէնքին դէմ քուէարկեցին երեսփոխան Պութրոս Հարպ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանները:

Նիստէն բացակայեցան երեսփոխաններ Նաուաֆ Մուսաուի, Ղազի Զաայթեր եւ Ասաատ Հարտան, իսկ նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով նախկին երեսփոխաններ Ֆուատ Նաֆաայի, Սամիր Ֆրենժիէի եւ Սամիր Ազարի մահուանց յիշատակը:

Ընտրական օրէնքը քննարկելու շրջագիծին մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ընտրական նոր օրէնքին վերաբերող հարցումներու տարափ մը տեղացուց եւ զարմանք յայտնեց, որ վարկանշային քուէն գաւառներու հիման վրայ պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ ընտրաշրջաններու:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին նպատակը Պաթրունի ընտրաշրջանն է:

Ժեմայէլ պահանջեց խորհրդարանին մէջ կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինը յարգել:

Ան իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ հարցումով. «Ինչո՞ւ կառավարութիւնը խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգած է: Արդեօք ան կը միտի յաւելեալ առի՞թ տալ կառավարութեան` կաշառելու  քաղաքացիները»:

Ժեմայէլի այս հարցումը պատճառ դարձաւ, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդվզի եւ մերժէ կառավարութեան հասցէին կատարուած ամբաստանութիւնը:

Վարչապետը շեշտեց, որ կառավարութիւնը չի կաշառեր քաղաքացիները եւ ընդվզած լքեց խորհրդարանի դահլիճը:

Վարչապետը վերադարձաւ լիագումար նիստին Ժեմայէլի արտասանած խօսքի աւարտէն ետք:

 

Պըրրի իր միջամտութեան մէջ հաստատեց, որ ընտրական օրէնքին մասին գոյացած համաձայնութիւնը վնասակար չէ` աւելցնելով, որ ինք յանձնառու է բոլոր համայնքներու իրաւունքներուն հանդէպ:

Ան նշեց, որ ընտրական այս օրէնքը բոլոր կարելիութիւններուն մէջ լաւագոյնն էր` աւելցնելով, որ առանց այդ օրէնքին գոյութեան Լիբանանի ճակատագիրը տագնապալի պիտի ըլլար:

Նշենք, որ նիստին զուգահեռ քաղաքացիական ընկերութեան անդամներ

բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին խորհրդարանին մօտակայքը: Անոնք բողոքեցին համամասնական դրութիւնը իր իմաստէն պարպելուն, խորհրդարանի պաշտօնավարութեան թեքնիք երկարաձգումին եւ ընտրական օրէնքին զուտ համայնքային բնոյթ ունենալուն դէմ:

Ցուցարարները լոլիկներ եւ հաւկիթներ շպրտեցին խորհրդարան ուղղուող երեսփոխաններուն եւ նախարարներուն շքախումբերուն վրայ:

Ցոյցի ընթացքին քաղաքացիական ընկերութեան անդամներուն եւ խորհրդարանի պահակագունդին միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք կարգ մը ցուցարարներ խոշտանգուեցան:








All the contents on this site are copyrighted ©.