Յունիս 15-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիրուիրթի ղեկավարած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին իրաւաբանական բաժինի ղեկավար Իննա Պորիսովիչը եւ արտաքին կապերու համակարգող Անահիտ Հայրապետեանը:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ողջունելով հիւրերը` կարեւոր համարեց սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ կազմակերպութեան իրականացուցած աջակցութեան ծրագիրները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը:
Քննարկուեցաւ «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած եւ Հայաստան տեղափոխուած անձանց ազգային ընդելուզման ռազմավարութեան» նախագիծը:
ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչը հանգամանօրէն ներկայացուց ռազմավարութեան վերաբերեալ իր կարծիքը, հարցադրումները, առաջարկութիւնները:
Ան կարեւոր համարեց միջազգային ասպարէզներուն մէջ սուրիահայերու խնդիրներու պատշաճ ներկայացումը` հանրութեան ուշադրութիւնը դէպի Հայաստան ուղղելու համար:
All the contents on this site are copyrighted ©. |