2017-06-16 09:39:00

Ղարաբաղի հարցով փոխզիջումը պէտք չէ վնասէ այնտեղ բնակող մարդոց. Զախարովա


Արցախի հարցով փոխզիջումը պէտք չէ վնասէ այնտեղ բնակող մարդոց,  Յունիս 15-ին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա, կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը:

«Կը կարծեմ` երկու կողմերն ալ (Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչներն ու պետական գործիչները) այդ հարցի լուծման շուրջ իրենց հայեացքները ունին: Այս իսկապէս հին խնդրի լուծման հաստատուած ձեւաչափ գոյութիւն ունի, որ փոխզիջում կ՛ենթադրէ: Փոխզիջում փնտռելը կողմերու դիրքորոշումներու մերձեցումն է` անկախ անկէ, թէ որքան հակասական կրնան ըլլալ անոնք: Անլուծելի թուացող հարցերու հանգուցալուծումը գտնելը դիւանագիտական աշխատանքի միջազգային փորձ է: Մենք համաձայն ենք ձեզի հետ այն հարցով, որ իրավիճակը լուծում ու յառաջխաղացում կը պահանջէ:

«Նոյն այդ պատճառով յատկապէս վերջին ժամանակներուն շփումները աւելի յաճախակի դարձած են: Ատոնք տեղի կ՛ունենան տարբեր ձեւաչափերով: Ռուսիան իր կողմէն, իբրեւ համապատասխան ձեւաչափի մասնակից,   անհրաժեշտ ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի փոխզիջումը գտնուի: Ցանկալի է, որ անիկա գտնուի եւ որքան շուտ, այնքան լաւ, սակայն առանց վնասելու երկու երկիրներու ժողովուրդներուն եւ ի հարկէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն», -նշած է Մարիա Զախարովա` պատասխանելով բանակցային գործընթացի առաջխաղացման անհրաժեշտութեան մասին հարցումին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.