2017-06-16 12:57:00

Հայր Պրունօ Մարի Տիւֆֆէ` Համապարփակ զարգացումի ի սպաս ծառայութեան Ժողովի Քարտուղար։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 16 Յունիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Լիոնի Արքեպիսկոպոսական թեմին պատկան, Հայր Պրունօ Մարի Տիւֆֆէն նշանակեց որպէս Համապարփակ զարգացումի ի սպաս ծառայութեան Ժողովի Քարտուղար։

Հայր Տիւ­ֆֆէ ծնած է Լիոն` 21 օգոստոս 1951-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած է 1981-ին եւ 1982-էն սկսեալ նուիրուած է դաստիարակչական ասպարէզին, յատկապէս Լիոնի Աստուածաբանութեան Կաթողիկէ համալսարանին մէջ ուր հիմնած է ''Մարդկային Իրաւունքներու Բաժանմունքը'' եւ պաշտօնավարած է որպէս բաժանմունքի տնօրէն, 1985-էն մինչեւ 2004­, ապա ու սատարած է հիմնելու նաեւ փոքրամասնութիւններու ի սպաս`  ''ՈՒՆԵՍՔՈՅԻ'' ամպիոնին։

Հայր Տիւֆֆէ հեղինակ է Մարդու Իրաւունքներու հայող  բազմաթիւ գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու ապա  որպէս մասնագէտ իր մասնակցութիւնը բերած է ՄԱԿ-ի միջազգային հաւաքներուն ու առաքելութիւններուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.