2017-06-16 09:22:00

Այսօր պատմական Հայաստանի տարածքին պէտք էր ունենայինք առաւել քան 170.000 յուշարձաններ


Առաւել քան 3000 հայկական աւերուած յուշարձաններ վաւերագրուած են 2010-2016, պատմական Հայաստանի` ներկայ Թուրքիոյ տարածքին: Աւերումները ունեցած են երկու նպատակ` կրօնական շինութիւններու ոչնչացումով վերացնել հայկական հետքերը եւ բեկորները օգտագործել իբրեւ շինանիւթ: Այս մասին ըսած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աշխատակազմի պատմութեան եւ յուշարձաններու պահպանութեան գործակալութեան պետ Արմէն Աբրոյեանը:

«Հայ ժողովուրդը, դարեր շարունակ, գտնուելով Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, կառուցած է բազմաթիւ կոթողներ: Այսօր պատմական Հայաստանի` ներկայ Թուրքիոյ տարածքին պէտք է ունենայինք շուրջ 170.000 կամ աւելի յուշարձաններ: Եղած են շինութիւններ, որոնք կրնային համարուիլ յուշարձաններ եւ նոյնիսկ չեն ալ հաշուառուած: Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամը Ցեղասպանութենէն ետք  յուշարձաններու աւերումներու թեմայով հրատարակած գիրք ունի, սակայն ատիկա շատ չնչին մասը կը կազմէ` փաստելու, վաւերագրելու մեր ժառանգութեան աւերման խնդիրը», ըսած է Արմէն Աբրոյեանն ու նշած է, որ աւերումները, մեծ մասամբ, եղած են Ցեղասպանութենէն ետք` 20-ական, 40-ական, 65-70-ական թուականներուն, մինչեւ իսկ 2005-ին:

Ըստ անոր, 2010-2016 թուականներուն մշակոյթի նախարարութեան պատուէրով կատարուած վաւերագրումով,  յայտնի վաւերագրական նիւթերու` Ն. Մառի արշաւախումբի  Անիի մէջ կատարած աշխատանքներուն, 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը առնուած լուսանկարներու, բազմաթիւ ճանապարհորդներու նկարագրութիւններուն համաձայն, շուրջ 3000 յուշարձաններ վաւերագրուած են, սակայն ատոնք արդէն աւերուած եղած են: Աւերումները եղած են ինչպէս կազմակերպուած, այնպէս ալ` չկազմակերպուած, երբ բեկորները պոկած ու օգտագործած են շինարարութեան նպատակով:

«Առաջնահերթ եղած են կրօնական կառոյցներու աւերումները: Շատ եղած են խաչերու, խաչքարերու, քարակերտ արձանագրութիւններու աւերման դէպքերը, որոնք հայկական հետքերը ոչնչացնելու քաղաքական նպատակ ունեցած են: Իսկ կամուրջներու եւ այլ շինութիւններու բեկորները պարզապէս պոկած եւ օգտագործած են որպէս շինանիւթ», ըսած է Արմէն Աբրոյեանը:

Անոր խօսքով, տասնամեակ մը առաջ Անիի եւ Աղթամարի մէջ կատարուած ամրակայման, շինարարական միջամտութիւններու մեթոտական մօտեցումները ընդունելի չեն: Իրենք կը վերակառուցեն զուտ իրենց շահերէն մեկնած` միջազգային հանրութեան ցոյց տալու համար: Ան աւելցուցած է, թէ քանի որ պաշտօնական դաշտին մէջ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունինք, մեր ձայնը կը բարձրացնենք Թուրքիոյ հայերու, միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի միջոցով:








All the contents on this site are copyrighted ©.