2017-06-15 10:03:00

Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան տօնը ըստ լատինաց։


(Ռատիօ Վատիկան) 15 յունիս 2017-ին, լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան տօնը։ Տասնեակ տարիներու ընթացքին սովորութիւն դարձած էր որ այս օր` Քահանայապետը գլխաւորեր Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան տօնի  պատարագը, Հռոմի Լատերանեան Ս. Յովհաննէսի անուան մայր տաճարի հրապարակին վրայ, որուն աւարտին ապա տեղի կ՛ունենար Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը որ Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայի հրապարակէն կ՛ուղղուէր դէպի Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ - Աւագ Տիրամօր նուիրուած տաճար։ Սակայն այս տարի վերոնշեալ արարողութիւնները, Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով, տեղափոխուեցան յառաջիկայ կիրակի օրուայ երեկոյեան, երբ Իտալիոյ մէջ եւս Եկեղեցին  կը տօնախմբէ Յիսուսի Մարմնոյ եւ արեան տօնը։ Այս կարգադրութիւնը անհրաժեշտ դարձաւ նախ նուազ խանգարումներ ստեղծելու ճանապարհներու վրայ տրուած ըլլալով որ հինգշաբթին Իտալիոյ մէջ աշխատանքի օր է, եւ միւս կողմէն առիթ ընծայելու հաւատացեալներուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու քրիստոնէական այս կարեւոր տօնի արարողութիւններուն։

Սուրբ  Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատուած է նոյնինքն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, վերնատան մէջ,  վերջին ընթրիքի պահուն, որ կը յիշատակուի Զատկուայ շրջանի` Աւագ հինգշաբթի օրը երեկոյեան երբ Ան իր աշակերտներուն տուաւ Հացը որպէս իր մարմինը ու գինին որպէս իր արիւնը  որ թափուեցաւ մեր փրկութեան համար։ Յիշատակ մը որ Քահանան ամէն օր կը նորոգէ Սուրբ պատարագի զոհի ընթացքին երբ կը կրնկէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը։

Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, ժամանակին կոչուած էր ''Աստուծոյ Տօն'' եւ առաջին անգամ կատարուեցաւ Պելկիոյ մէջ 1246-ին։ Ուրպանիոս Քահանայապետի օրով` 1264-ին, ան հաստատուեցաւ որպէս համայն եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուած օր։ Տօնին առթիւ թափօր կատարելու աւանդութիւնը` Հռոմի Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքայէն մինչեւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքայ սկիզբ առաւ Գրիգոր ԺԳ քահանայապետի օրով (1572-1585)։ Թէեւ 1870-էն մինչեւ 1979 աւանդական թափօրի սովորութիւնը դադրած էր, Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ քահանայապետի օրով այդ աւանդութիւնը վերահաստատուեցաւ ու մինչեւ օրս կը շարունակուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.