2017-06-15 10:27:00

Յունիս ամիսը Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած ամիս. ''Ականջ տուր աղօթքիս ո՜վ Տէր'':


Կաթողիկէ Եկեղեցին Յունիս ամիսը նուիրած է Յիսուսի Սուրբ Սրտի պաշտամունքին: Այս գեղեցիկ ջերմեռանդութիւն մըն է, որը կը յիշեցնէ` մարդկութեան հանդէպ Տիրոջ անհատնում սէրը և այդ սիրոյն փոխադարձ սիրով պատասխանելու անհրաժեշտութիւնը:


Ականջ տուր աղօթքիս, ո՜վ Տէր, խնդրանքս մի անտեսեր։

Նայէ ինծի եւ պատասխան տուր 

հոգիս տրտում կ՛ալեկոծի 

եւ խռովքի կը մատնուիմ՝ թշնամիին սպառնալիքներէն 

եւ անպրիշտներու տուած նեղութիւններէն 

որովհետեւ անիրաւութիւն կը թափեն գլխուս, 

եւ բարկութեան ոխ կը պահեն ինծի դէմ։

Սիրտս տագնապի մէջ է, 

մահուան սարսափը պատեր է զիս։

Ահ ու դողը բռներ է զիս եւ սոսկումը զիս համակեր։

Երանի թէ աղաւնիի պէս թեւ ունենայի, 

հեռու թռչէի, հանգիստ գտնէի։

Այո՛, հեռու՝ հեռո՜ւ փախչէի, անապատը բնակէի։

Շուտով ինծի ապաստան գտնէի սաստիկ հովէն ու փոթորիկէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.