2017-06-15 09:40:00

Միացեալ Նահանգներէն աւելի քան 30 բժիշկներ Հայաստան պիտի ժամանեն։


Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն աւելի քան 30 բժիշկներ պիտի ժամանեն Հայաստան` երկրի գիւղական շրջաններու բնակչութեան բուժօգնութիւն ցուցաբերելու համար: Բժիշկներու ամենամեայ այցը կը կազմակերպէ Հայկական բժշկական առաքելութիւնը (Armenian Medical Mission):

Մասնագէտներու խումբը պիտի գլխաւորէ Ֆրեզնոյէն վիրաբոյժ Ճոն Կարրին, որ առաջին անգամ Հայաստան եկած է 1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն ետք, կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը՝ վկայակոչելով abc30.com-ը: «1988-ին ես բժիշկներու առաջին խումբին, որուն թոյլ տրուեցաւ ԽՍՀՄ ժամանել, անդամներէն էի,»,- նշած է բժիշկը:

Սակայն Հարրին որպէս կամաւոր Հայաստան ժամանած է ոչ միայն մասնագիտական պարտքի գիտակցմամբ: Ան պարտաւորութիւն կը զգար երկրի առջեւ, ուրկէ կը սերին իր նախնիները:

Անոր խօսքով` Հայաստանի մէջ շաքարախտով եւ արեան բարձր ճնշման բազմաթիւ հիւանդներ կան, բացի այդ` այստեղ մեծ է ծխողներուն թիւը: Կարրին ընդգծած է, որ յատկապէս գիւղական բնակավայրերու մէջ բժիշկներու եւ սարքաւորումներու պակաս կայ, այդ պատճառով իրենք հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընեն` մարդոց օգնելու համար: Ան նաեւ յոյս ունի նաեւ ընդունիլ Սուրիահայեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.