2017-06-14 10:02:00

Նախագահ Սարգսեան ընդունած Է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայը


Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայը:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը եւ ընդգծած, որ նման այցելութիւններ լաւ առիթներ են քննարկելու ՕԹԱՆ-Հայաստան գործակցութեան օրակարգը, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակելու շրջանային եւ միջազգային զարգացումներու վերաբերեալ: Նախագահ Սարգսեան ջերմութեամբ յիշած է 24 փետրուարին ՕԹԱՆ-ի կեդրոնակայանին մէջ ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ ունեցած արդիւնաւէտ հանդիպումը եւ յատուկ ներկայացուցիչէն խնդրած է Սթոլթենպերկին փոխանցել իր ջերմ ողջոյններն ու Հայաստան այցելելու հրաւէրին վերահաստատումը:

Ճէյմս Ափաթուրա շնորհակալութիւն յայտնած է հանրապետութեան նախագահին ընդունելութեան համար եւ անոր յայտնած ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարին բարեմաղթանքներն ու կրկին հանդիպելու պատրաստակամութիւնը:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը հանդիպումին սկիզբը կազմակերպութեան անունով երախտագիտութիւն յայտնած է  Հայաստանին` Աֆղանիստանի եւ Քոսովոյի մէջ խաղաղութեան հաստատման գործողութիւններուն մասնակցութեան եւ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւներուն ունեցած ներդրումին համար` ընդգծելով, որ Հայաստան-ՕԹԱՆ յարաբերութիւնները այս տարիներուն զարգացած են վստահութեան եւ փոխըմբռնումի մթնոլորտի մէջ: Ճէյմս Ափաթուրայ նշած է, որ Երեւանէն պիտի հեռանայ այդ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը շարունակելու հաստատակամութեամբ:

Հանդիպումին ընթացքին հիւրին խնդրանքով հանրապետութեան նախագահը ներկայացուցած է սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն  ետք Հայաստանի մէջ պետական կառավարման նոր համակարգին անցնելու հոլովոյթը եւ բարեփոխումներու կարեւորութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ զարգացումներն ու իր գնահատականները իրավիճակին: Անդրադարձ կատարուած է  նաեւ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններուն, շրջանի խնդիրներուն եւ անվտանգութեան տեսանկիւնէն դիմագրաւուած մարտահրաւէրներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.