2017-06-14 14:45:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Խոզերուն արարքները Անհակակշռելի Կ’ըլլան

Մարդիկ բաւարար չափով լայն ծանօթութիւն ունին կեղտոտ խոզին բնութեան ու անոր ճարպակալած պարարտ մարմնէն պատրաստուած մսեղէններու տեսակներուն մասին։ Հակառակ իսլամական օրէնքին դրած խիստ արգելքին, խոզի միսի անմաքրութեան եւ անոր ոչ-ճաշակելի կենդանիներու ցուցակին մէջ ըլլալուն, ամբողջ Արեւմուտքը հաճոյքով կը ճաշակէ անոր միսը եւ ոչ մէկ պժգանք կ’արտայայտէ ո՛չ համեմունքով պատրաստուած տեսակներուն դիմաց եւ ո՛չ ալ զայն խորովելէ ետք: Ընդհակառակը, զայն խորովողներ յաճախ կը գովեն անոր միսին փափկութիւնը, քիմքին հաճելի համը, առաւել եւս ախորժաբեր դարձնելով անոր ճաշակումը իրենց սեղանակիցներուն:

Խոզին ու անոր խոզուկներուն վաղ տարիքէն կը ծանօթանան մեր մանուկները, իրենց պատկերաւոր դասագիրքերուն մէջ հանդիպելով անոնց: Երբ դպրոցին մէջ, անոնք տարբեր կենդանիներու ձայները  կը սորվին, մասնաւոր հաճոյքով կը կրկնեն խոզերուն ձայնը, որ բոլորին մէջէն կը զատորոշուի իր ծիծաղելի տարօրինակութեամբ: Ձայնին նման, խոզերուն արարքներն ալ ծիծաղելի կ’ըլլան երբեմն, երբ յանկարծ ամբողջ մարմնով կը թաղուին կեղտի ու ցեխի մէջ, այնպիսի հանգստութեամբ ու ինքնամոռացութեամբ, որ հոլանի մարմին մը պիտի ուզէր մտնել փետուրներով լեցուած անկողնի մէջ…:

Խոզին բոլոր արարքներն ալ անկանխատեսելի ու անհակակշռելի են: Աւետարաններէն քաղուած Յիսուսի մտածողութեան մէջ կը գտնենք խոզի արարքներուն մասին ակնարկութիւններ: Շունն ու խոզը միասնաբար յիշուած են Յիսուսի կողմէ, իբրեւ նուիրական արժէքները սրբապղծող երկու կենդանիներ: Շունը, հակառակ հաւատարմութեան խորհրդանիշ ըլլալուն, խօսակցական լեզուին մէջ, դիմացինը անպատուելու արտայայտութիւն մը կը դառնայ յանկարծ։ Իսկ նուիրական արժէքներուն անոր դպչիլը կամ նոյնիսկ մօտենալը սրբապղծութիւն կը համարուի յաճախ։ Յիսուս ալ նոյն հաստատումը կը կատարէ, երբ կ’ըսէ՝ «Որեւէ սրբութիւն շուներուն մի՛ տաք, ձեր մարգարիտներն ալ խոզերուն առջեւ մի՛ նետէք, որպէսզի չըլլայ թէ զանոնք կոխկռտեն եւ դառնան ձեր վրայ յարձակին» (Մտ. 7:6):

Մեզ հետաքրքրողը այս հաստատումին երկրորդ բաժինն է, այն, ինչ որ կը վերաբերի խոզերու արարքին։ Առաջին հերթին, խոզը եբրայական օրէնքին համաձայն ոչ սուրբ (անմաքուր) կենդանի ըլլալուն, արգիլուած էր զայն ուտել: Երկրորդ, իբր այդպիսին ան կրնար սրբապղծութիւն առաջացնել, եթէ պատահէր, որ սուրբ բանի դպչէր։

Այսօր պիտի խօսինք  «մարգարիտ»ի մասին. որ ծանօթ է որպէս  թանկագին, մեծարժէք գոհարեղէն, եւ որուն տեսակներն ու չափերը բազմազան են, կախեալ՝ խեցիներուն չափէն ու տարիքէն։

Արժէքի իմաստով մարգարիտներու շատ կը հանդիպինք, սկսեալ եկեղեցւոյ կեանքէն, մինչեւ մեր ազգային ու ընտանեկան շրջապատը։ Արժէքներ՝ որոնք ժամանակին հետ չեն կորսուիր ու մնայուն են։ Արժէքներ՝ որոնց պիտի բախին մեր քննադատութիւնները իբրեւ ժայռերու եւ անոնց ոտքերուն առջեւ մանրուին իբրեւ աւազահատիկներ։

Աւետարանին մէջ զգուշացման կոչ մը կ’ըլլայ մարգարիտները խոզերու առջեւ չնետելու մասին, բնականաբար, մարդիկ արդէն զգոյշ կ’ըլլան այդ ուղղութեամբ։

Բնականաբար մարգարիտը մարգարի՛տ պիտի մնայ խոզին ոտքերուն տակ իյնալէ ու ցեխոտուելէ ետքն ալ: Զանիկա կարելի է դարձեալ դուրս բերել ցեխէն, մաքրել անոր վրայի կեղտը ու ամէնէն գեղեցիկ մանեակին կեդրոնը զետեղել եւ քառապատիկ բարձրացնել մանեակին արժէքը…:

Մարդիկ ինչո՞ւ խոզերուն դիմաց կը նետեն իրենց մարգարիտները:

Ա.- Կը նետեն՝ փորձելու համար անոնց ուժը.

Բ.- Կը նետեն՝ անգիտութեամբ.

Գ.- Կը նետեն՝ անոնցմով հրապուրելու եւ դուրս բերելու խոզերը ցեխի ու կեղտի տիղմէն.

Չկա՞ն այնպիսի մարդիկ, որոնք հագուած ու շքուած եւ բարձր պաշտօններու վրայ տեսնելով, պահ մը կը զարմանանք: Յետոյ կ’իմանանք, որ անպայման մէկը եղած է, գթասիրտ ու ազնուական, որ առանց նախապայմանի եւ առանց նկատի առնելու անոնց բնաւորութիւնը, զիրենք բարձրացուցած է այդ դիրքին: Այս բոլորով հանդերձ սակայն, խոզերը չեն մոռնար իրենց բնութեան հաւատարիմ գտնուելու ներքին կոչումը եւ կը դառնան ու կը յարձակին վրադ, ապերախտութեան հռչակ շահած կատուէն խլելով անոր անժամանակ դարերէ ի վեր ունեցած երախտամոռութեան մրցանակը:

Զգո՜յշ եղիր, որ խոզերէ ստացած հարուածներուդ վերջինը ըլլայ այն, զոր ստացար, եւ մի՛ մոռնար, որ ինչքան ալ հեզ ու համեստ կամ «բարի» խոզերու հանդիպիս, անոնց արարքները միշտ անհակակշռելի կ’ըլլան ու վճռորոշ հետեւանքներ կ’ունենան անձիդ եւ կեանքիդ վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.