2017-06-14 08:23:00

«Մենք կ՛ուզենք Եւրոպան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ». Change.org-ի մէջ նոր պահանջագիր:


Հանրային պահանջագիրներու change.org հարթակին մէջ մեկնարկած է «Մենք կը ցանկանք Եւրոպան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» (We Want Europe in Nagorno-Karabakh) խորագիրով ստորագրահաւաք:

 change.org-ի կայքին մէջ տեղադրուած պահանջագիրին մէջ կը նշուի, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի հանդէպ Ատրպէյճան կը վարէ մեկուսացման քաղաքականութիւն:

«Քարիւղով հարուստ Ատրպէյճանը նշանակալի ջանքեր եւ գումարներ կը ներդնէ այս տարածք օտարերկրեայ առաջնորդներու, պաշտօնեաներու, լրագրողներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մուտքը արգիլելու համար: Ատրպէյճանի պնդմամբ Եւրոպական Միութիւնը եւս մուտք չունի դէպի Լեռնային Ղարաբաղ: Անցած 20 տարիներու ընթացքին որեւէ Եւրոմիութեան պաշտօնեայ չէ այցելած այնտեղ, իսկ բնակչութեան Եւրոմիութեան կողմէ որեւէ օժանդակութիւն չէ ցուցաբերուած»,- կը նշուի պահանջագիրին մէջ:

Կը շեշտուի նաեւ, որ այս ծիրէն ներս ԼՂ մեկուսացումը բացառիկ է, քանի որ ԵՄ-ն օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ աշխարհի 150 երկիրներու, որոնց շարքին` չճանչցուած պետութիւններու՝ Աբխազիոյ, Մերձդնեստրին եւ Հիւսիսային Կիպրոսին` անկախ անոնց կարգավիճակէն: Այս քաղաքականութիւնը կը բնութագրուի որպէս «ներգրաւում առանց ճանաչման»:

Պահանջագրին մէջ կոչ կը կատարուի Եւրոմիութեան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացնելու բնակչութեան կենսապայմաններու բարելաւման ուղղուած ծրագիրներ: «Կոչ կ՛ընենք Եւրոպային ներգրաւուելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, քանի որ անիկա պէտք է ներկայ ըլլայ եւ աջակցի խաղաղութեան` թոյլ չտալով հակամարտութեան սրում իր դարպասներուն մօտ»,- ըսուած է պահանջագրին մէջ:

Պահանջագիրը change.org-ի մէջ նախաձեռնած է ՀԲԸՄ Եւրոպայի գրասենեակը: Անիկա արդէն իսկ ստորագրած են Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորներ Ֆրանք Էնկըլ, Միշել Ռիւազի, Պարթ Սթաես, Ճիլ Էվընս, Փիթըր Նէյտելմիւլըր, բազմաթիւ գիտնականներ, մարդու իրաւունքներու ոլորտի գործիչներ, դիւանագէտներ եւ այլն: Պահանջագիրը դեռեւս ստորագրած է 799 օգտատէր:








All the contents on this site are copyrighted ©.