2017-06-13 10:29:00

Ռուսիոյ մէջ փտածութեան դէմ բողոքի ցոյցի հարիւրաւոր մասնակիցներ ձերբակալուեցան


Երէկ ռուսական ապահովական մարմինները միայն Մոսկուայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձերբակալեցին հարիւրաւոր ցուցարարներ, որոնք փտածութեան դէմ կը բողոքէին:

Մոսկուայի ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ ցոյցին համար արտօնուած վայրին` Սախարով փողոցին մէջ ցոյցերը վերջ գտած են առանց որեւէ միջադէպի, սակայն աւելցուց, որ Քրեմլինի մօտ գտնուող Թֆիրսքայա թաղամասին մէջ ձերբակալութիւնները պիտի շարունակուին, որովհետեւ այդտեղ ցոյց կատարող իւրաքանչիւր անձ կը խանգարէ Քրեմլինի մէջ Ռուսիոյ ազգային օրուան տօնակատարութեան մթնոլորտը:

Մոսկուայի ոստիկանութիւնը ձերբակալեց ընդդիմադիր գործիչներ, ներառեալ` ընդդիմութեան ղեկավարներէն Ալեքսէյ Նաւալնին` ցոյցի օրէնքները խախտելուն եւ քաղաքապետութեան արտօնագիրին մէջ նշուածէն այլ վայրի մէջ ցոյց կատարելուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.