2017-06-13 12:00:00

Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութեան հաղորդագրութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 13 յունիս 2017-ին, եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը,  որուն մէջ տեղեկացուց, թէ առ ի պատրաստութիւն  երիտասարդներու եւ կոչումի զատորոշման մասին,  եպիսկոպոսաց 15-րդ ընդհանուր ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 2018 թուականին հոկտեմբեր ամսոյն, 14 յունիսէն սկսեալ պիտի գործէ համացանցային  նոր կայքէջ մը,  հետեւեալ  հասցէով` http: //youth.synod2018.va։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած  է նաեւ , թէ վերոնշեալ  ձեռնարկը   առիթ պիտի ընծայէ  ոչ միայն`  աշխարհին համայն երիտասարդներուն  աւելի ընդլայնուած մասնակցութեան   սիւնհոդոսի մասին տեղեկութիւններ քաղելու համար,  այլեւ  գործնականօրէն սատարելու սիւնհոդոսի  նախապատրաստական աշխատանքներուն։     

Կայքէջին վրայ հրապարակուած է  հարցարան  մը՝ ուղղուած երիտասարդներուն՝  Իտալերէն, Անգլերէն, Սպաներէն եւ Փորթուկալերէն լեզուներով որոնց  պատասխանները  կարելի է սիւնհոդոսի  ընդհանուր քարտուղարութեան  ուղարկել  մինչեւ 30 նոյեմբեր 2017 թուական։   

Այդ պատասխանները մեծ  օգտակարութիւն պիտի ունենան սիւնհոդոս ական ձեռնարկի նախապատրաստական ուղեւորութեան համար ապա մաս պիտի կազմեն սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութեան  քննարկումներուն, նշուած է եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի քարտուղարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.