2017-06-13 11:27:00

Գերապայծառ Ւվան Եուրքովիչ. ''պաշտպանել անչափահաս գաղթականները''։


(Ռատիօ Վատիկան) ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ Գերապայծառ  Ւվան Եուրքովիչ,  Ժընեւի՝ ՄԱԿ- կեդրոնատեղիին մէջ ունեցած է  ելոյթ  մը,  որուն նիւթը եղած է  ''առանձին անչափահաս  գաղթականներուն ապահովութիւնը''։   

Ներշնչուելով Ֆրանչիսկոս Պապի գաղթականներու մասին յաճախ արտայայտած  խօսքերէն, Գերապյծառ Եուրքովիչ ի յայտ դրած է  գաղթական մանուկներուն դիմագրաւած  հարցերն ու դժուարութիւնները դիտել տալով, որ   գաղթական մանուկները աւելի խոցելի կը դառնան ՝ յատկապէս   երբ անոնք առանձին են եւ ոչ մէկը կ՛ընկերանայ անոնց'' դառնալով , աշխարհի աչքերէն հեռու,  անյայտ եւ  ձայնէ զուրկ էակներ։

Վատիկանի դիւանագէտը ապա նկատել տուած է,  որ այսպիսի պայմաններու մէջ գտնուող մանուկներ  կը փորձարկեն մարդկութեան վատթարութեան ամէնէ ցած մակարդակը  այդ մէկը որակելով մարդու արժանապատուութեան նախատինք,  ընդգծելով որ այդ մանուկներուն հիմնական իրաւունքները նոյնիսկ ոտնակոխ եղած են, դառնալով մարդավաճառներու թիրախ։

Գերապայծառ Եուրքովիչ ապա  մաղթած է,  որ մարդկային միջազգային համայն ընտանիքը ամէն ջանք թափէ, որպէսզի ամէն մէկ անհատի եւ  մանունկներու  հիմնական  իրաւունքներու  առանձնաշնորհումները  վերահաստատուին ու երաշխաւորուին անչափահասներու առողջ եւ համապարփակ զարգացումը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.