2017-06-13 12:54:00

Աղքատներու համաշխարհային առաջին օրուան պատգամը ''Չի սիրենք միայն խօսքով այլ գործով''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Որդեակներ չի սիրենք միայն խօսքով եւ լեզուով այլ գործով եւ ճշմարտապէս'' (Յովհ 3,18)։ Յովհաննէս առաքեալի թուղթէն քաղուած այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապ կը սկսի իր պատգամը, որ նուիրուած  է ''Աղքատներու միջազգային օրուան'' որ պիտի նշուի յառաջիկայ 19 նոյեմբեր 2017-ին, եւ որուն ներկայացումը կատարեցին, երեքշաբթի 13 յունիսի առաւօտեան, Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան ու խորհուրդի քարտուղարը`  Հայր Խոսէ Օքթավիօ Ռոյց Արենաս։

Սուրբ Յովհաննէս առաքեալի այդ խօսքերը կը բացայայտեն հրամայական մը, որ ոչ մէկ քրիստոնեայ կարող է անտեսել, կը գրէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ` այդ խօսքերով, Յիսուսէն սիրուած աշակերտը, կ՛ուզէ մինչեւ մեր օրերը  հասցնել Յիսուսին պատուէրը։

''Ով որ կ՛ուզէ սիրել Յիսուսին նման. պէտք է հետեւի Անոր օրինակին, յատկապէս երբ կանչուած ենք սիրել աղքատները'' կը գրէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ աւելցնելով թէ ''երբ աղքատը կ՛աղերսէ. Տէրը մտիկ կ՛ընէ անոր ու Եկեղեցին եւս  հասկցած է այդ աղաղակին կարեւորութիւնը, իր սկզբնական շրջաններէն ասդին, որովհետեւ Յիսուսի աշակերտներու կենցաղը կ՛արտայայտուի եղբայրութեան ու զօրակցութեան միջոցաւ, ինչպէս նշուած է Գործք Առաքելոցի մէջ ''անոնք կը վաճառէին իրենց ունեցուածքը ու զայն կը բաժնեկցէին ուրիշներուն հետ, իւրաքանչիւրի կարիքներու համաձայն''։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել կու տայ թէ եղան ժամանակներ ուր քրիստոնեաները վարակուեցան աշխարհիկ մտայնութենէն եւ մտիկ չ՛ըրին իրենց ուղղուած կոչին,  թէեւ Սուրբ Հոգին շարունակեց իր ներգործութիւնը ու այնպէս ըրաւ որ վեհանձն սրտով մարդիկ` իրենց կեանքը նուիրեն աղքատներուն համար, ինչպէս եղաւ պարագան Ասիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսին ու բազմաթիւ այլ մարդոց ու կիներուն, որոնք ողջագուրեցին աղքատն ու բորոտը, անոնց հետ բաժնեկցելով կեանքն ու ճակատագիրը։ 

 

''Եթէ կ՛ուզենք իսկապէս հանդիպիլ Քրիստոսին, հարկաւոր  է դպչիլ Անոր մարմնին որ կը գտնուի աղքատներուն մէջ։ Կանչուած ենք մեր ձեռքը երկարելու աղքատներուն, անոնց հետ հանդիպելու, նայելու անոնց աչքերուն եւ ողջագուրելու զանոնք, անոնց տալով մեր սրտին ջերմութիւնը որ կը բլուզէ առանձնութեան պատնէշը'' - կը գրէ ապա Սրբազան Պապը պատգամին մէջ յիշեցնելով որ ''Պէտք չէ մոռնանք որ Քրիստոսի աշակերտներուն համար աղքատութիւնը` նախ եւ առաջ կոչում մըն է, հետեւելու համար աղքատ Յիսուսին։ Ան ուղեւորութիւն մըն է որ կը տանի Երկնքի Արքայութեան''։

Նորին Սրբութիւնը ապա կը մատնանշէ թէ ''Աղքատութիւն կը նշանակէ խոնարհ սիրտ մը. որ գիտէ հիւրընկալել'', ապա հրաւէր կ՛ուղղէ հետեւելու Սուրբ Ֆրանչիսկոսի օրինակին, որ իր հայեացքը կեդրոնացած պահելով Քրիստոսի վրայ, կարողեցաւ ճանչնալ զԱյն ու Անոր ծառայել աղքատներու ընդմէջէն։ 

Քահանայապետը ապա կ՛ակնարկէ ժամանակակից աշխարհի իրողութեան ուր ամէն օր կը գտնուինք մեզ հարցադրող դիմագիծերու դիմաց, որոնք յատկանշուած են տառապանքով, մեկուսացումով, բռնութեան ու հալածանքի հետեւանքներով, պատերազմով ու ազատութեան եւ արժանապատուութեան սահմանափակումներով ու այլ ժխտական ու տմարդկային երեւոյթներով, ու այս առնչութեամբ կը դատապարտէ այն իրողութիւնը որ ''մեծ հարստութիւններ կը գտնուին մի քանի առանձնաշնորհեալ ձեռքերուն մէջ''­, որոնք յաճախ անօրէնութեան ու մարդու արժանապատուութեան անարգանքի արդիւնք են  ու կը շեշտէ  թէ ''անկարելի է այս իրողութեան դիմաց  անշարժ մնալ''։

''Բոլոր աղքատները կը պատկանին եկեղեցւոյ­'', ըսած է Երանելի Պօղոս Զ քահանայապետը, առ այդ օրհնեալ ըլլան այն ձեռքերը որոնք կը բացուին եւ կ՛ընկալեն ու օգնութեան կը հասնին աղքատներուն, անոնք յոյսի ձեռքեր են։ Օրհնեալ ըլլան այն ձեռքերը որոնք կը շրջանցեն մշակոյթի, կրօնի ու ազգութեան պատնէշները­, մարդկութեան վէրքերուն վրայ մխիթարութեան իւղը սփռելով'' կը գրէ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ապա կը մատնանշէ ''Աղքատներու համաշխարհային օրուան հռչակումի'' նպատակին` աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները հրաւիրելով միշտ աւելիով դառնալ Քրիստոսի սիրոյն շօշափելի նշանը։

''Կը հրաւիրեմ համայն Եկեղեցին ու բարի կամք ունեցող այրերն ու կիները իրենց հայեացքը կեդրոնացնել յատկապէս անոնց վրայ որոնք իրենց ձեռքերը կ՛երկարեն օգնութիւն հայցելով։ Անոնք մեր եբարներն ու քոյրերն են, ստեղծուած եւ սիրուած մեր միակ Երկնային հօրմէն'' կը գրէ Սրբազան Պապը ընդգծելով թէ ''այդ օրը հրաւէր մըն է բոլորին, անկախ անոնց կրօնական պատկանելիութենէն, զօրակցութիւն ու բաժնեկցութիւն ցուցաբերելու աղքատներուն, որպէս եղբայրութեան շօշափելի նշան''։

Նորին Սրբութիւնը ապա կոչ կ՛ուղղէ համայն քրիստոնեայ հասարակութիւններուն որ ''Աղքատներու Համաշխարհային օրը'' կանխող շաբթուայ ընթացքին, յանձնառու ըլլան ստեղծելու բարեկամութեան­, զօրակցութեան եւ օժանդակութեան հանդիպումներու պահեր,  ապա կը խրախուսէ զանոնք դիմելու նաեւ աղօթքին ու պատգամի աւարտին խօսքը ուղղելով իր եղբայրակից եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն ու բոլոր նուիրեալ անձերուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցական ընկերակցութիւններու ու շարժումներու անդամներուն, կը հրաւիրէ զանոնք յանձնառու ըլլալ` որպէսզի Աղքատներու Համաշխարհային օրը դառնայ աւանդութիւն մը եւ սատարէ ժամանակակից աշխարհի աւետարանութեան եւ ըլլայ նաեւ զօրեղ կոչ մը` որպէսզի միշտ աւելիով համոզուինք որ աղքատներուն հետ բաժնեկցութիւնը մեզի թոյլ կու տայ հասկնալու Աւետարանը` եւ անոր ամենախոր ճշմարտութիւնը։

''Աղքատները արդարեւ հարց մը չեն այլ կենսամիջոց մը` որուն դիմել հասկնալու եւ ընկալելու համար Աւետարանի էութիւնը''։

 

Տուեալ ի Վատիկան 13 Յունիս 2017-ին - Սուրբ Անտոն Փատովացիի տօնին օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.